«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի պատմական մարզիկներէն Ճերի Ուեսթ, որուն մարմնի շարժումին ձեւով յղացուած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Լոկօ»-ն, երէկ մահացաւ 86 տարեկան հասակին:
Ճերի Ուեսթ 3 անգամ «Հոլ աֆ ֆէյմ» ցանկին մաս կազմած է, անգամ մը իբրեւ պատմական մարզիկ իր իրագործումներուն համար, անգամ մը իբրեւ մարզիչ եւ ուրիշ անգամ մը իբրեւ խումբի վարչական:
Արդարեւ, ան 1960-էն 1974 եղած է Լոս Անճելըս Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկներէն, ապա 1976-էն 1979 եղած է Լէյքըրզի մարզիչ, ապա եղած է Լէյքըրզի վարչական պատասխանատու մինչեւ 2000 թուական:
Իր «մըսթըր Քլաթչ» ծածկանունով ծանօթ Ճերի Ուեստ վերջին վայրկեաններուն վճռական կէտեր նշանակած է, 8 անգամ ախոյեան դարձած է իբրեւ մարզիկ կամ պատասխանատու:
Առաջին անգամ ըլլալով շահած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը 1969-ին, հակառակ անոր որ Լէյքըրզ պարտուած էր Պոսթըն Սելթիքսէն: Այլ տարիներու ընթացքին միշտ «Էմ. Վի. Փի.»-ն կը շահի ախոյեան խումբէն մարզիկ մը:
Ան եղած է նաեւ Մեմֆիս Կրիզլիզի (2002-էն 2007), Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի (2011-էն 2017) եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի (2017-էն 2024) վարչական պատասխանատու եւ լաւ մարզիկներ իր խումբը փոխանցելու թիւ 1 անձը:
Իր օրերուն է, որ Մեճիք Ճոնսըն եւ Ճէյմս Ուորթի միացած են Լէյքըրզին, եւ ան խումբ բերած է Քոպի Պրայընթը, իսկ աւելի ուշ` Շաքիլ Օ՛նիլը:
Ան իր խաղցած օրերուն Էլկին Պէյլըրի եւ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի հետ եղած է խմբակիցներ:
Իբրեւ մարզիչ եւ պատասխանատու ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերուն հետ աշխատած է վերջին 40 տարիներուն: Այդ աստղերուն մաս կը կազմեն Քարիմ Ապտուլ Ժապպար, Մեճիք Ճոնսըն, Ճէյմս Ուորթի, Շաքիլ Օ՛նիլ, Քոպի Պրայընթ, Սթեֆըն Քըրրի, Քլէյ Թոմփսըն, Քեւըն Տիւրենթ, Քուայ Լենըրտ, Փոլ Ճորճ եւ նմանօրինակ այլ աստղեր: