Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ այս շաբթուան թենիսի աղջկանց դասաւորման 69-րդ դիրքը գրաւեց, պիտի ներկայացնէ Հայաստանը յառաջիկայ մրցաշարքերուն:
«Այո՛, Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի դրօշին տակ պիտի ներկայանայ: Սակայն տակաւին պաշտօնական չէ այդ որոշումը` սպասելով իր հայկական քաղաքացիութեան ստանալը, յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան:
Էլինա Աւանէսեան ծնած է 2002-ին Փիաթիկորսքի մէջ (Ռուսիա) եւ 2024-ի փետրուարին ան կը գրաւէր աղջկանց դասաւորման 60-րդ դիրքը: Ան անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի Դ. հանգրուանը հասած էր եւ պարտուած աւարտականին հասած իտալացի Ճասմին Փաուլինիէն: