2024-ի Քոփա Ամերիքան, որ պիտի ըլլայ 48-րդ մրցաշարքը, առաջին անգամ սկսած է 1916-ին եւ տեղի ունեցած միայն հարաւային ամերիկեան խումբերու մասնակցութեամբ: 1993-էն ետք, 10 հարաւային ամերիկեան երկիրներու կողքին մրցաշարքին մասնակցած են 2 հիւսիսային ամերիկեան խումբեր: 1999-ին Ճափոն եւ Քաթար հրաւէր ստացան իրենց մասնակցութիւնը բերելու:
Հարաւային Ամերիկայի 10 խումբերէն 8-ն յաջողած են առնուազն անգամ մը շահիլ: Միայն Վենեզուելա եւ Էքուատոր չեն կրցած շահիլ Քոփա Ամերիքան:
Սկզբունքով Էքուատոր պիտի ըլլար այս տարուան հիւրընկալ երկիրը, սակայն 2022-ին Էքուատոր մերժած էր «Քոնմեպոլ»-ի (հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոն) առաջարկը, եւ Ալեխանտրօ Տոմինկես (Քոնմեպոլի նախագահ) յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի հիւրընկալեն Քոփա Ամերիքա 2024-ը` մասնակցութեամբ 6 Քոնքաքաֆի (հիւսիսային եւ կեդրոնական Ամերիկայի ֆետերասիոն) երկիրներու, իրենց «Նէյշընզ լիկ»-ի (ազգային խումբերու լիկա) արդիւնքներուն հիմամբ:
Բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մերսետես-Պենզ Սթետիըմի մէջ, Աթլանթա, մինչ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Հարտ Ռոք Սթետիըմի մէջ, Մայեմի:
Քոնմեպոլէն պիտի մասնակցին Արժանթին (ախոյեան), Պոլիվիա, Պրազիլ, Չիլի, Քոլոմպիա, Էքուատոր, Փարակուէյ, Փերու, Ուրուկուէյ եւ Վենեզուելա, մինչ Քոնքաքաֆէն պիտի մասնակցին 6 խումբեր` Ժամայքա, Մեքսիքա, Փանամա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Քոսթա Ռիքա:
16 խումբերը բաժնուած են 4 խմբակներու, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին քառորդ աւարտական:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Արժանթին, Փերու, Չիլի եւ Քանատա:
Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Մեքսիքա, Էքուատոր, Վենեզուելա եւ Ժամայքա:
Գ. խմբակին մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներ, Ուրուկուէյ, Փանամա եւ Պոլիվիա:
Դ. խմբակին մաս կը կազմեն Պրազիլ, Քոլոմպիա, Փարակուէյ եւ Քոսթա Ռիքա:
Բացման մրցումը պիտի կատարէ Քոփա Ամերիքայի վերջին ախոյեան Արժանթին, որ պիտի մրցի Քանատայի դէմ: