Ուրբաթ օր տեղի կ՛ունենայ Եուրօ 2024-ի բացումը` Գերմանիոյ եւ Սկովտիոյ միջեւ, եւ Գերմանիոյ ամէնէն փորձառու մարզիկներէն Թոնի Քրուս, որ իր ասպարէզի վերջին մրցումները կը կատարէ, յայտնեց, որ ճնշում կայ հիւրընկալ խումբին վրայ, բայց 10 տարի առանց տիտղոսէ ետք, այլեւս ժամանակը յարմար է լաւ արդիւնք ձեռք բերելու:
«Շատ բնական է, որ հիւրընկալ խումբին համար միշտ ճնշում կ՛ըլլայ: Այդ ճնշումն ալ երբեմն հաճելի կ՛ըլլայ: Շատ շուտ դրական թէ ժխտական անդրադարձները կը գիտնաս: Մենք մեծ պատասխանատուութիւն ունինք ամբողջ երկրին մէջ արձանագրուելիք մթնոլորտին համար, յառաջիկայ շաբաթներուն: Գիտենք, թէ ինչպէ՛ս է եւ պիտի ըլլայ, մեզի համար պատիւ եւ հաճոյք է այս մրցաշարքին մասնակցիլը:
Ի վերջոյ, քանի ֆութպոլիստ առիթ կ՛ունենայ իր երկրին մէջ կարեւոր մրցաշարքի մը մասնակցելու իբրեւ հիւրընկալ երկիր», ըսաւ 34 տարեկան Քրուս, որ 1 յունիսին Ռէալ Մատրիտի հետ շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը:
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի պիտի բացակայի Եուրօ 2024-ի Լեհաստան-Նետերլանտներ մրցումէն (կիրակի օր)` մկանի պզտիկ պատռուածքի պատճառով: Լեհաստան 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Թուրքիոյ, բարեկամական մրցումի մը, որուն ընթացքին Լեվանտովսքի վիրաւորուած էր:
ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐՈՒ եւ Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ (27 տարեկան), որ փորձերու կը մասնակցէր ազգային խումբին հետ, երկուշաբթի օր քննութիւններու ենթարկուեցաւ, եւ ի յայտ եկաւ, որ ան չի կրնար պատրաստ ըլլալ որեւէ մրցումի մինչեւ օգոստոս: Այս ձեւով Տը Եոնկ, որ կը նկատուէր մարզիչ Ռոնալտ Քումանի կարեւորագոյն տարրերէն, դուրս մնաց Նետերլանտներու կազմէն:
Այլ միջնապահ մը` Թէօն Քոփմայներս, որ իտալական Աթալանթայի աստղերէն է, երկուշաբթի օր, Իսլանտայի դէմ բարեկամական մրցումին ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ փոխարինուեցաւ Փ.Ս.Վ. Այնտհովընի մարզիկ Երտի Շոթընով:
Յիշեցնենք, որ վերջնական կազմը չյայտարարած, Լեհաստանի յառաջապահ Արքատիուշ Միլիք (Եուվենթուս) վիրաւորուելով դուրս մնացած էր Եուրօ 2024-ի մրցաշարքէն:
ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.»-ի իրաւարարներու միութեան տնօրէնը` Ռոպերթօ Ռոզեթթի երէկ հաստատեց, որ ՎԱՐ համակարգը միայն պիտի միջամտէ, երբ յստակ խախտումի փաստ տեսնէ:
«Ամէնէն նուազագոյն միջամտութիւնը առաւելագոյն շահի համար», ըսաւ Ռոզեթթի:
«Կասկածելի օֆսայտի պարագային, կը պահանջենք ծայրի իրաւարարէն դրօշը վար պահել եւ զայն միայն բարձրացնել, երբ 100 տոկոսով վստահ են», բացատրեց Ռոզեթթի:
Գնդակները ունին շարժողական «սենսըր»-ներ, որոնք յստակ դիրքի նշաններ կը ղրկեն, որոնք կ՛օգնեն ՎԱՐ-ի իրաւարարներուն, որ գիտնան, թէ ո՛ր մարզիկը կը դպնայ գնդակին, օֆսայտի ժամանակէն օգտուելու, կամ փենալթիի ու ձեռքի դպած պահերը արագ վճռելու: