Պայերն Միւնիխ յայտարարեց, թէ պայմանագրութիւն մը կնքած է Ճափոնի եւ Շթութկարթի յետսապահ Հիրոքի Իթոյի հետ, մինչեւ 2028:
Փոխանցման արժէքը 30 միլիոն եղած է յետսապահին, որ կրնայ թէ՛ կեդրոնի, թէ՛ ալ ձախ կողմի յետսապահ դիրքերու վրայ խաղալ:
25 տարեկան Իթօ 2 տարի մաս կազմած է Շթութկարթի հետ կատարելով 56 մրցումներ` նշանակելով 1 կոլ: Ան Ճափոնի ազգային խումբի մարզիկ է 2022-էն ի վեր եւ կատարած է 19 մրցում` նշանակելով կոլ մը:


