Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան (24 տարեկան) յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով եղած էր Ռուսիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն աստղերէն:
Անգամ մը եւս իտալական ակումբներ կը փորձեն ձեռք բերել հայ միջնապահը: Ճենովա ակումբը սկսած է մօտէն հետեւիլ եւ ուսումնասիրել հայ միջնապահին վիճակը, խաղի մակարդակը, հակառակ անոր որ տակաւին Ճենովա պաշտօնական ձեւով կապի մէջ չէ մտած Կրասնոտարի խումբի ղեկավարութեան հետ: Նախապէս, Եուվենթուս եւ Ֆիորենթինա հետաքրքրուած էին Սփերձեանով, մինչ գերմանական Տորթմունտ ակումբն ալ հետաքրքրուած էր իրմով:
Լացիօ Ռոմա, որ կը փորձէր աւելի յարմար մարզիկ մը գտնել, կը փորձէ կապուիլ մարզիկներու, որոնք մինչեւ 5 միլիոն եւրոյի փոխանցման արժէք ունենան: Նափոլիի մարզական տնօրէն Ճիովաննի Մաննա նախապէս հետաքրքրուած էր Սփերձեանով, սակայն կարծես այժմ չէ հետաքրքրուած վերջինիս ծառայութիւններով:
Կրասնոտարի 24 տարեկան հայ մարզիկը 33 մրցում կատարած է այս տարեշրջանին, նշանակած է 11 կոլ եւ կատարած 4 էսիսթ:


