Անցեալ շաբաթավերջին Ռիատի (Սէուտական Արաբիա) մէջ «Քրաուն Փլազա» պանդոկի գործադիր խորհուրդը պարգեւատրեց լիբանանցի այն մարզիկները, որոնք մասնակցած են եւ կը մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ մարզական մրցումներուն եւ մրցաշարքերուն:
Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի նախկին նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, մարզական ակումբներէ ներկայացուցիչներ, մարզիչներ, Նասր ակումբի պատասխանատուներ, Սէուտական Արաբիոյ թայքուանտոյի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներ, լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներու ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքի գործադիր խորհուրդը եւ նախագահը:
Լիբանանեան համայնքի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Թոնի Ռայի իր բացման խօսքին անդրադարձաւ Սէուտական Արաբիոյ տարած մեծ աշխատանքին` բարելաւելու երկիրը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ներառեալ մարզականը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան, որ տէր կ՛ըլլայ բոլոր բնակիչներուն ապահովութեան եւ կը հետեւի երկրի յառաջդիմութեան` 2030-ի հեռանկարով:
Ի վերջոյ, մրցանակներ շնորհուեցան լիբանանցի մարզիկներուն, որոնք Սէուտական Արաբիոյ մէջ զանազան մարզաձեւերու մէջ մետալներ շահած են:
Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբի Թայքուանտոյի ակումբի առաջին լիբանանցի ներկայացուցիչ Ալեակ Անասթազ Սարգիս, որ Չինաստանի մէջ 2021-ին պրոնզ մետալ շահած էր, եւ ոսկի մետալներ` Սէուտական Արաբիոյ թայքուանտոյի առաջին ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած արաբական ախոյեանութեան Էմ. Վի. Փի. (լաւագոյն մարզիկ) եւ այլ ոսկի եւ պրոնզ մետալներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ թէ դուրս, ստացաւ մրցանակ մը:
Պէտք է ըսել, որ թայքուանտոյի ֆետերասիոնի անդամներ, ինչպէս նաեւ Նասր ակումբի ներկայացուցիչներ Ալեակ Սարգիսի համար է, որ ներկայ էին այս հանդիսութեան: Ալեակ Սարգիս իր արդիւնքներով հպարտ պահած է Նասր ակումբը եւ թայքուանտոյի ֆետերասիոնը, որ պարտականութիւն նկատած է հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը:
Մրցանակներ ստացան նաեւ լուղորդ Ալեքսանտր Ռաշիտ, թենիսվումըն Միրել Մոհամետ, ձիավար Հայա Ուիսամ Աշքար, ինչպէս նաեւ լուղորդներ Այա Ապտել Սալամ, Տալիա Սալեհ եւ Մոհամետ Պեքեսմաթի:
Այս ձեւով Ալեակ Սարգիս անգամ մը եւս բարձր պահեց լիբանանահայութեան անունը յաջող ելոյթներով: Անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:



