Քոփա Ամերիքա. Միացեալ Նահանգներ Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեցին Փանամայէն
Քոփա Ամերիքայի Գ. խմբակի մրցումներուն, հիւրընկալ երկիր Միացեալ Նահանգներ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեցին Փանամայի դէմ մրցումին: Միացեալ Նահանգներ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ 5-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեցին, սակայն Ուեսթըն Մաքենի կոլը չեղեալ նկատեց` պատրաստութեան պահուն օֆսայտի պատճառով: Սակայն 16-րդ վայրկեանին ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ Եուվենթուսի միջնապահ Թիմըթի Ուէա մրցակիցի մը բռունցքով հարուածելով կարմիր քարտ ստացաւ: Ուէա,...




















