Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ բարեկամական մրցաշարքի մը մասնակցելու, միեւնոյն ժամանակ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար:
Երկու մրցումներ կատարած Հայաստան երկուքին ալ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեց:
Առաջին մրցումին, Հայաստան 89-57 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Կուաթեմալայի ազգային խումբին դէմ:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան, որ նշանակեց 21 կէտ եւ 7 ռիպաունտ կատարեց:
Յաջորդ մրցումին, մրցակիցը աւելի լուրջ էր` Իրլանտան, որ առաջին մասին կը յաղթէր, Բ. մասին սկիզբը 18-32 արդիւնքով ետ մնացած Հայաստան ինքզինք վերագտաւ եւ մինչեւ կիսախաղ կրցաւ 43-42 արդիւնքով յառաջանալ:
Շատ տաք մրցումը աւարտեցաւ 92-91 արդիւնքով ի նպաստ Հայաստանի: Լաւագոյն մարզիկի (Էմ.Վի.Փի.) մրցանակը շահեցաւ Անտրէ Մկրտչեան` 26 կէտ 10 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարելէ ետք:
Շատ լաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Անդօ Պալեան, Քոնըր Էսիճեան եւ Ռայըն Քիաչեան: