Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներու կիսաւարտականին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մարաթ Աճէմեան 45 քկ կշիռի մրցումներուն գծով կիսաւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի մրցակից Նիժատ Իսղանտարլիի դէմ:
Մարաթ ոչ մէկ առիթ տուաւ մրցակիցին եւ մրցումի ազդանշանէն սկսեալ յարձակողական խաղով ջախջախեց մրցակիցը եւ մրցումի աւարտէն առաջ արդէն յաղթական հռչակուեցաւ 8-0 արդիւնքով:
Նոյն հանգրուանին հասած են նաեւ 51 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակից Եուրի Մխիթարեան, որ պիտի մրցի Լուիս Վլատի դէմ (Ռումանիա)` ոսկի մետալի մրցումին հասնելու համար:
60 քկ կշիռի մրցումներուն Ալեքս Մարգարեան պիտի մրցի ուքրանացի մրցակից Վատիմ Մաթրոսի դէմ, մինչ 70 քկ կշիռի մրցումներուն Արթուր Ամոյեան պիտի մրցի ռուս մրցակից Քիրիլ Վալեւսքիի դէմ: