Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Միացեալ Նահանգներ Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեցին Փանամայէն

June 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոփա Ամերիքայի Գ. խմբակի մրցումներուն, հիւրընկալ երկիր Միացեալ Նահանգներ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեցին Փանամայի դէմ մրցումին:

Միացեալ Նահանգներ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ 5-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեցին, սակայն Ուեսթըն Մաքենի կոլը չեղեալ նկատեց` պատրաստութեան պահուն օֆսայտի պատճառով:

Սակայն 16-րդ վայրկեանին ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ Եուվենթուսի միջնապահ Թիմըթի Ուէա մրցակիցի մը բռունցքով հարուածելով կարմիր քարտ ստացաւ: Ուէա, որ հռչակաւոր լիպերիացի յառաջապահ Ժորժ Ուէայի զաւակն է, մրցումին սկիզբէն պրկուած կը խաղար եւ մրցակից մարզիկի մը բռունցքի հարուած մը տալով ստացաւ կարմիր քարտ:

«Խումբս եւ հայրենիքս յուսախաբ ըրի: Յուսահատ վայրկեանի մը աններելի սխալ էր, որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ իմ խմբակիցներէս, մարզիչներէս, ընտանիքէս եւ համակիրներէն», ըսաւ Ուէա` մրցումէն ետք:

Ֆոլարին Պալոկիւն 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Միացեալ Նահանգներու առաջին կոլը, բայց Փանամա 4 վայրկեան ետք հաւասարեցաւ շնորհիւ Սեզար Պլաքմենի կոլին:

83-րդ վայրկեանին Խոսէ Ֆախարտօ պարտութեան մատնեց պահեստի բերդապահ Իթըն Հորվաթը` նշանակելով Փանամայի յաղթանակի կոլը:

Այս պարտութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու քառորդ աւարտական հասնելու յոյսերը նուազեցան, մանաւանդ որ այժմ անոնք պէտք է յաղթեն Ուրուկուէյի` իր վերջին մրցումին:

Ուրուկուէյ 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրեց Պոլիվիոյ վրայ: Փալլիսթրի, Տարուին Նունիես, Մաքսիմիլիանօ Արաուխօ, Ֆետերիքօ Վալվերտէ եւ Ռոտրիկօ Պենթանքուր նշանակեցին Ուրուկուէյի 5 անպատասխան կոլերը:

 

 

Նախորդը

Քազույոշի Միուրա Պայմանագրութիւն Մը Եւս Կնքեց…

Յաջորդը

Վարազդատ Յակոբեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.