Սլովան Պրաթիսլաւա, որ այժմ կը գտնուի Աւստրիոյ մէջ, կատարելով մարզական հաւաք, փորձ-մրցում մը կատարած է աւստրիական Լինցի դէմ եւ 5-1 արդիւնքով յաղթած:
Սլովանի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան 2 կոլ նշանակած է այս մրցումին:
Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի նախկին յառաջապահ Աշոտ Բարսեղեանի զաւակը` Տիգրան, վերջերս նկատի առնուած էր Սլովաքիոյ ախոյեանութեան տարեշրջանի լաւագոյն 11 մարզիկներու խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:
Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Տիգրան Բարսեղեան անցեալ տարեշրջանին 13 կոլ նշանակած եւ 11 էսիսթ կատարած է Սլովաքիոյ մէջ:
Ան գրաւած է առաջին դիրքը կոլ-սքորըրներու դասաւորման մէջ, միասնաբար Ռոպերթ Փոլիեւքայի հետ, ինչպէս նաեւ էսիսթներու պարագլուխի դիրքը: