Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Աւստրիա Անակնկալի Բերաւ Նետերլանտները. Ֆրանսա Կորսնցուց Ա. Դիրքը Գրաւելու Առիթը

June 27, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցան Եուրօ 2024-ի Գ. եւ Դ. խմբակներու վերջին մրցումները: Գ. խմբակը, որ ամէնէն քիչ թիւերով կոլեր նշանակած խմբակն էր: Այդ խմբակին մրցումները հաւանաբար սպասուած ձեւով աւարտեցան, ուր Անգլիա գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Դանիա` Բ. դիրքը, սակայն կատարուած 6 մրցումներէն 5-ը հաւասարութեամբ աւարտեցան, եւ միայն Անգլիա կրցաւ մրցում մը յաղթել 1-0 արդիւնքով, Սերպիոյ դէմ:

Երեքշաբթի օր, Քէօլնի մէջ, բաւական անհամ եւ ձանձրացուցիչ մրցումէ մը ետք, Անգլիա 3 անգամ կրցաւ լուրջ վտանգել Սլովենիոյ բերդը, մինչ Սլովենիա 1 անգամ:

Նոյն ձեւի մրցումի մը` Միւնիխի մէջ, աւելի հաւասարակշռուած էր Դանիա – Սերպիա ճակատումը, ուր Դանիա համեմատաբար աւելի լաւ էր, բայց Սերպիա դիմացաւ մինչեւ վերջ եւ դուրս մնաց Եուրոյէն, երեք մրցումներէն 2 կէտ շահելէ ետք, մինչ Անգլիա – Սլովենիա մրցումին հաւասար մնալով Սլովենիա ունեցաւ 3 կէտ ապահովելով լաւագոյն Գ. դիրքը գրաւող քառեակի իր դիրքը եւ դուրս ձգելով Խրուաթիան:

Դ. խմբակի մրցումներուն, Ֆրանսա, որ Անգլիոյ ետին երկրորդ կարեւոր թեկնածուն էր Եուրոյէն առաջ, անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթել եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեհաստանի հետ:

Անգլիոյ մարզիչ Սաութկէյթի նման «չափազանց զգուշ» մարզիչ Տիտիէ Տեշան զարմանալիօրէն պաշտպանողական խաղի կը դիմէ կոլ նշանակելէ ետք, մինչ կը սպասուի 1-է աւելի կոլեր նշանակելէ ետք այդ ձեւին դիմել:

Քիլիան Էմպափէ, որ քիթը կոտրած էր Աւստրիոյ դէմ առաջին մրցումին, դաշտ ներկայացաւ դէմքը պաշտպանող դիմակով եւ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ: Ֆրանսա ընդհանրապէս լաւ էր մինչեւ իր կոլը, որմէ ետք տրուեցաւ Տեշանի ձախող որոշումը` պաշտպանողականի անցնելու:

42-րդ վայրկեանին, Էմպափէ ռմբային հարուած մը տուաւ, բայց Լեհաստանի բերդապահ Լուքաս Սքորուփսքի (Պոլոնիայի բերդապահ) վարպետօրէն զսպեց կացութիւնը: Սքորուփսքի փոխարինած էր խմբապետ Վոյչիք Չեզնին, որ նախկին 2 մրցումներուն ինք կը պահէր Լեհաստանի բերդը:

Բ. կիսախաղին սկիզբէն հազիւ 4 վայրկեան անցած անգամ մը եւս Էմպափէ, մեծ քառակուսիին ծայրէն բերդի աջ կողմը ուղղեց ուժգին հարուած մը, որ վերջին երկվայրկեանին դժուարութեամբ զսպեց Սքորուփսքին:

55-րդ վայրկեանին Արսենալի պաշտպան Եաքուպ Քիորի թաքըլը Ուսման Տեմպելէի վրայ յստակ փենալթի էր, որ կոլի վերածեց Էմպափէ: 1-0 ի նպաստ Ֆրանսայի: 5 վայրկեան ետք դաշտ ներկայացան Էտուարտօ Քամավինկա (Ռապիոթի փոխարէն) եւ Օլիվիէ Ժերու (Պարքոլայի փոխարէն), ինչպէս նաեւ Անթուան Կրիզման (Էնկոլօ Քանթէի փոխարէն):

Այս փոփոխութիւններէն ետք Լեհաստան սկսաւ ճնշել: 77-րդ վայրկեանին Վերոնայի յառաջապահ Քարոլ Սվիտերսքի գետին ինկաւ Ֆրանսայի քառակուսիին մէջ, մինչ իտալացի իրաւարար Մարք Կիտա կը շարունակէր մրցումը: ՎԱՐ-ի սենեակէն Կիտսի հետ կապուեցան` պաստառին վրայ ստուգելու համար կասկածելի փենալթի մը: Իրապէս ալ փենալթին սուլեց իրաւարարը, եւ Ռոպերթ Լեվանտովսքի ձախ անկիւնը ուղղեց իր հարուածը, զոր լաւապէս զսպեց Ֆրանսայի բերդապահ Մայք Մէնեան:

Սակայն օրէնքի խախտում նկատելով, իտալացի իրաւարարը կրկնեց փենալթին, որ այս անգամ նոյն ծայրէն հարուածեց Լեվանտովսքի, սակայն բերդապահը չկրցաւ զսպել:

Մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ աւարտ, հակառակ անոր որ երկուստեք ստեղծուեցան աննշան առիթներ: Այսպիսով, Լեհաստան դուրս մնաց Եուրոյէն, սակայն 1982-էն ի վեր պահեց իր անպարտելի ընթացքը Ֆրանսայի դէմ:

Ֆրանսա այս առիթով գրաւեց 2-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ միւս մրցումը Նետերլանտներու եւ Աւստրիոյ միջեւ աւարտեցաւ ի նպաստ Աւստրիոյ:

Պերլինի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Աւստրիա անակնկալ ձեւով բացաւ մրցումին հաշիւը 6-րդ վայրկեանին, երբ Նետերլանտներու յառաջապահ Տոնիլ Մալեն սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Աւստրիոյ առաջին կոլը:

8 վայրկեան ետք, Թէյժենի Ռէյնտըրս (Ա. Սէ. Միլան) ճշգրիտ փոխանցում ստանալէ ետք չկրցաւ գնդակը զետեղել Աւստրիոյ բերդին մէջ` կորսնցնելով ոսկի առիթ մը: 23-րդ վայրկեանին, այս անգամ Մալենին ներկայացաւ ճիշդ ուղղութեամբ կոլ նշանակելու առիթ, բայց հարուածը շեղեցաւ իր նպատակէն:

35-րդ վայրկեանին, Ռոնալտ Քուման (Նետերլանտներու մարզիչ) միջնապահ Ճոյ Վիրմանը փոխարինեց Լայփցիկի մարզիկ Չաւի Սիմոնզով:

38-րդ վայրկեանին, Տորթմունտի միջնապահ Մարսել Սապիցըր հեռուէն ռմբային հարուած մը ուղարկեց դէպի Նետերլանտներու բերդը, սակայն Պրայթընի բերդապահ Պարթ Վերպրուկըն վարպետօրէն զսպեց անոր հարուածը:

42-րդ վայրկեանին Մեմֆիս Տեփայ քիչ մնաց գլխու հարուածով գրաւէր Աւստրիոյ բերդը, սակայն գնդակը անցաւ բերդին աջ սիւնին քովէն:

Բ. կիսախաղի 2-րդ վայրկեանին, Չաւի Սիմոնզի փոխանցումէն օգտուելով Լիփըրփուլի յառաջապահ Քոտի Կաքփօ գնդակը զետեղեց Փաթրիք Փենցի բերդին մէջ` նշանակելով «Նարնջագոյն»-ներուն հաւասարութեան կոլը:

12 վայրկեան ետք, Վերտըր Պրեմընի միջնապահ Ռոման Շմիտ գլխու անզսպելի հարուածով նշանակեց Աւստրիոյ 2-րդ կոլը:

75-րդ վայրկեանին, Մեմֆիս Տեփց նշանակեց 2-2ի կոլը, որ սակայն չեղեալ նկատուեցաւ Սլովաք իրաւարար Իվան Քրուժլիաքի կողմէ: ՎԱՐ-ի սենեակէն իրաւարարին հետ կապուելէ ետք, իրաւարարը որոշեց վերստուգել պատահածը, երբ նախապէս կասկած ունէր, թէ գնդակը դպած է նետերլանտցի մարզիկի ձեռքին: 2 վայրկեան ետք, կոլը նկատի առնուեցաւ, եւ արդիւնքը` 2-2:

2 վայրկեան հազիւ անցած, Քրիսթոֆ Պաումկարթնըրէն փոխանցում մը ստանալէ ետք, Սապիցըր անգամ մը եւս անզսպելի հարուածով գրաւեց Ռոնալտ Քոմանի տղոց բերդը:

2 վայրկեան ետք արդիւնքը 4-ի պիտի բարձրանար, սակայն ՎԱՐ-ի ստուգելէն ետք օֆ-սայտի պատճառով արդիւնքը մնաց 3-2:

Այս ձեւով մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Աւստրիոյ, որ անակնկալի բերաւ բոլորը` գրաւելով ամէնէն դժուար խմբակի պարագլուխի դիրքը:

Նետերլանտներ տիրապետեցին գնդակին վրայ մանաւանդ Բ. կիսախաղին, սակայն բաւարար ձեւով վտանգ եւ առիթ չստեղծեց Աւստրիոյ բերդին վրայ:

Պէտք է ըսել, որ Աւստրիա շատ կազմակերպուած ֆութպոլ կը ցուցաբերէ եւ Զուիցերիոյ նման խմբային, կարծր եւ ուսումնասիրուած խաղաձեւ կը կիրարկէ:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Վալերիկ Մովսիսեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Մալտիւ Կղզիներ` 102-21

RelatedPosts

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին
Մարզական

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

January 16, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

January 16, 2026
Ուասլ.  Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.