Գրեթէ ամբողջ 90 վայրկեան ճնշելէ ետք, Լիոնել Մեսսի եւ անցեալ Քոփա Ամերիքայի ախոյեան Արժանթին հասան քառորդ աւարտական` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չիլիին:
Լաութարօ Մարթինես 88-րդ վայրկեանին գնդակը զետեղեց Չիլիի բերդին մէջ, քանի մը անգամ ետ մղուելէ ետք մրցակից մարզիկներուն կողմէ:
«Գնդակը ինծի հասաւ, եւ կրցայ բերդին մէջ զետեղել զայն», ըսաւ Մարթինես, որ Քանատայի դէմ 2-րդ կոլը նշանակած էր, 2-0 արդիւնքով յաղթանակին, բացման մրցումին:
Մեսսի սկսաւ կոլի յարձակումը, երբ քոռնըր մը բարձրացուց, որմէ գնդակը հասաւ Լիսանտրօ Մարթինեսի, որ գլխու հարուածով գնդակը ղրկեց դէպի բերդ: Գնդակը հասաւ Չիլիի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւոյի առջեւ, ուր արժանթինցի Ճիովաննի Լ. Սելսօ եւ չիլիցի Նիքոլաս Ֆեռնանտես կը պայքարէին հասնելու գնդակին: Լօ Սելսօ հարուածեց գնդակին, որ դպնալէ ետք բերդապահ Պրաւոյին հասաւ պաշտպան Լիչնովաքիի, որ փորձեց հեռացնել վտանգը: Լաութարօ Մարթինես, որ 73-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացուցած էր, օդին մէջ ֆըրսթ-թայմ զօրաւոր հարուածով գնդակը հարուածեց Չիլիի բերդին վերի ուղղութեամբ` նշանակելով մրցումին միակ կոլը: Արժանթինի 21-րդ հարուածն էր մրցումի` Չիլիի բերդին վրայ: Մարզիկները մօտ 3 վայրկեան սպասեցին, որպէսզի Մարթինեսի կոլը, որ 26-րդն էր ազգային խումբին հետ, հաստատուի ՎԱՐ-ի կողմէ:
«Արժանի էինք յաղթանակին: Դիւրին մրցում չէր: Չսպասուած ժամանակ կոլ նշանակեցինք», ըսաւ Արժանթինի մարզիչ Լիոնել Սքալոնի:
Խմբապետ Մեսսի, որ 2 օր առաջ իր 37րդ տարեդարձը տօնած էր, զուարճացուց համակիրները` մրցակիցները խաբելով 81 հազար համակիրներու ներկայութեան Նիւ Ճըրզիի մէջ:
2 մրցումներէ 6 կէտ հաւաքած Արժանթին կը գրաւէ Ա. խմբակի առաջին դիրքը` 3 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Քանատայի վրայ, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինի վերջին մրցակից Փերուն:
Ա. կիսախաղին տիրապետելէ ետք մրցումը հաւասարակշռուեցաւ, երբ Փերուի յետսապահներէն Միկել Արաուխօ կարմիր քարտ մը ստացաւ 59-րդ վայրկեանին: 74-րդ վայրկեանին պահեստի մարզիկներ Քամալ Միլըրի, Թէյճըն Պիւքանընի, Ճէյքըպ Շաֆըլպըրկի լաւ կազմակերպած յարձակումէն ետք, գնդակը հասաւ Լիլի ակումբի յառաջապահ Ճոնաթըն Տէյվիտի, որ նշանակեց մրցումի միակ կոլը` Քանատայի առաջին 3 կէտերը: