Քոփա Ամերիքայի իր առաջին մրցումին Պրազիլ չկրցաւ կոլ նշանակել եւ ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը Քոսթա Ռիքայի հետ:
Առաջին կիսախաղին Պրազիլ կոլ նշանակեց Մարքինիոսի շնորհիւ, սակայն իրաւարարը երկար դիտելէ ետք պաստառին վրայ որոշեց ջնջել կոլը: Բայց եւ այնպէս Պրազիլ, որ Քոսթա Ռիքայի նման խումբերու դէմ կոլ նշանակելու հարցեր չէր ունեցած, չկրցաւ լրջօրէն վտանգել Քոսթա Ռիքայի բերդը, որուն բերդապահ Փաթրիք Սեքէյրա յաջորդական 4-րդ մրցումը ըլլալով անառիկ պահեց իր բերդը: 67 հազար համակիրներ ներկայ էին Քալիֆորնիոյ Ինկըլվուտի դաշտը, բայց մեծ մասամբ դեղին տարազներով յուսախաբ մեկնեցան դաշտէն:
Այս արդիւնքը պատճառ դարձաւ, որ Քոլոմպիա գրաւէ Դ. խմբակի պարագլուխի դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փարակուէյի:
Պրազիլ, որ 9 անգամ Քոփա Ամերիքան շահած է նախապէս, ձախող ձեւով սկսաւ Քոփան, հակառակ անոր որ կը խաղար Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ զոյգին` Վինիսիուս Ճունիորի եւ Ռոտրիկոյի հետ:
Տանիէլ Միւնոս եւ Ճեֆերսըն Լերմա 10 վայրկեանի ընթացքին նշանակեցին Քոլոմպիոյ 2 կոլերը Փարակուէյի դէմ: Փարակուէյի յառաջապահ Խուլիօ Էնսիսօ 69-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, որ բաւարար չէր:


