Գ. խմբակի մրցումները աւարտելէ ետք, Դանիա եւ Սլովենիա 3 մրցումներու ընթացքին 3 կէտեր հաւաքած էին, նշանակած 2 կոլեր եւ ստացած 2, իրար դէմ մրցումն ալ հաւասար աւարտելէ ետք: Դիմուեցաւ դեղին քարտերուն, ուր երկու խումբերն ալ նոյնքան դեղին քարտեր ունէին:
Թայ-պրէյքըր գտնելու համար ստիպուեցան ետ երթալ Եուրոյի զտումի մրցումներուն: Երկու խումբերուն ալ բախտէն, զտումի մրցումներուն նոյն խմբակին մաս կազմած էին եւ աւարտած նոյն կէտերով: Առաջին մրցումը հաւասար աւարտելէ ետք, Դանիա կրցած էր յաղթել երկրորդին Քոփենհակընի մէջ, արդիւնք մը, որ վճռեց խմբակին դասաւորումը: