Սալոնիքիի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ, եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Վալերիկ Մովսիսեան (89 քկ) ոսկի մետալ շահեցաւ` դառնալով 19 տարեկանէն վար Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:
Յիշեցնենք, որ 9 յուլիս 2023-ին Վալերիկ Մովսիսեան Քիշինեւի մէջ տեղի ոնեցած 17 տարեկանէն վար մրցումներուն դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան: Անցեալ տարի Մովսիսեան երկմարտի 305 քկ արդիւնքով շահած էր ոսկի մետալ, մինչ այս տարի ան 301 քկ արդիւնք մը ձեռք ձգեց, բայց դարձաւ ոսկի մետալակիր: