Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը ձեռք ձգեց 132 կէտ եւ գրաւեց խմբային ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը:
Մարատ Աճէմեան 45 քկ կշիռի մրցումներուն դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակիցին:
Եւրոպայի փոխախոյեան դարձան Եուրի Մխթարեան (51 քկ), Ալեքս Մարգարեան (60 քկ) եւ Սէյրան Կիրակոսեան (110 քկ), մինչ պրոնզ մետալ շահեցաւ Նարեկ Գրիգորեան (65 քկ):
48 քկ կշիռի մրցումներուն, 5-րդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Խաչատրեան, մինչ Արթուր Ամոյեան 71 քկ կշիռի մրցումներուն գրաւեց 5-րդ դիրքը: 80 քկ կշիռի մրցումներուն 7-րդ դիրքը գրաւեց Արամէ Առաքելեան: 9-րդ եւ 11-րդ դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար Ալեքսանտր Այդոյեւ (55 քկ) եւ Լեւա Շուխեան (92 քկ):