Իտալիա հասաւ Եուրօ 2024-ի Բ. հանգրուան յաջորդական 5-րդ մրցաշարքը ըլլալով, երբ Խրուաթիոյ դէմ 98-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել կոլ մը Մաթիա Զաքանյիի շնորհիւ:
Մրցումը սկսաւ արագ ձեւով, եւ Խրուաթիա համեմատաբար աւելի արագ ֆութպոլ կը խաղար, վստահաբար 3 կէտերու պէտք ունենալուն պատճառով եւ 5-րդ վայրկեանին քիչ մնաց կոլ մը նշանակէր, երբ Լուքա Սուսիչ ռմբային հարուածով մը փորձեց գրաւել Իտալիոյ բերդը: Բերդապահ Տոնարումա լաւ ձեւով զսպեց հարուածը դէպի քոռնըր:
Իտալիա, որ հակայարձակումներու դիմած էր, 28-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք քիչ մնաց կոլ նշանակէր Ինթեր Միլանի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնիի շնորհիւ, որու՛ն գլխու զօրաւոր հարուածը լաւ ձեւով զսպուեցաւ խրուաթ բերդապահ Տոմինիք Լիվաքովիչի կողմէ:
Իտալացիք յաւելեալ առիթներ ունեցան Խրուաթիոյ բերդին վրայ, հակառակ անոր որ Խրուաթիա աւելի լաւ խմբային խաղարկութիւն կ՛ունենար:
Բ. կիսախաղին, Տաւիտէ Ֆրաթեզի, որ փոխարինած էր Լորենցօ Փելեկրինին, սխալմամբ ձեռքով գնդակին դպաւ, սակայն իրաւարարը չնկատեց զայն, հակառակ խրուաթ մարզիկներուն բողոքին: Սակայն ՎԱՐ-ի իրաւարարները նկատեցին այդ սխալը եւ յանձնարարեցին իրաւարարին որ ստուգէ: Ստուգելէ ետք դաշտին կեդրոնը գտնուող պաստառին վրայ, իրաւարարը փենալթի շնորհեց ի նպաստ Խրուաթիոյ: Եթէ Լուքա Մոտրիչ (38 տարեկան) փենալթին նշանակէր, պիտի դառնար Եուրոյի պատմութեան երիցագոյն կոլ նշանակող մարզիկը: Սակայն Տոնարումա զսպեց անոր փենալթին… Գնդակը հասաւ Անթէ Պուտիմիրին, որուն զօրաւոր հարուածը անգամ մը եւս զսպուեցաւ իտալացի բերդապահին կողմէ, սակայն վրայ հասաւ նոյնինքն Մոտրիչ, որ ըստ երեւոյթին փենալթիով պիտի չնշանակէր կոլ մը եւ հարուածը ուղղելով Իտալիոյ բերդին վերի կողմը նշանակեց 1-0-ի կոլը, 55-րդ վայրկեանին:
57-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ֆետերիք Քիեզա` փոխարինելով այլ Ֆետերիքօ մը` Տիմարքոն:
5 վայրկեան անց քոռնըրէ մը ետք, անգամ մը եւս Պասթոնի գլխու հարուածով քիչ մնաց նշանակէր Իտալիոյ հաւասարութեան կոլը, բայց գնդակը քիչ մը բարձր էր:
81-րդ վայրկեանին Նիքոլօ Ֆաճիոլի եւ Մաթիա Զաքանյի դաշտ ներկայացան` փոխարինելով Տարմեանն ու Ճորճինիոն:
93րդ վայրկեանին Ռիքարտօ Քալաֆիորի, որ Սպանիոյ դէմ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակած էր այդ օրուան միակ կոլը, ստացաւ դեղին քարտ մը եւ պիտի բացակայի յաջորդ մրցումէն:
Քալաֆիորի, սակայն, ուզեց լաւ ձեւով աւարտել մրցումը եւ վճռական փոխանցում մը տուաւ 98-րդ վայրկեանին Զաքանյիի, որ Խրուաթիոյ բերդի աջ կողմէն գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց կոլ մը, որ Իտալիան հասցուց Բ. հանգրուան, ուր շաբաթ օր պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ:
Խրուաթիա բաւական անբախտ էր եւ Ալպանիոյ մրցումին նման յաւելեալ վայրկեաններուն կոլեր ստանալով 4 կէտ կորսնցուց, երկու մրցումներն ալ աւարտելով 1-1: Այժմ իր միակ յոյսը Սլովենիոյ եւ Չեխիոյ կապուած է` յուսալով, որ երկուքն ալ պարտութիւններ կրեն իրենց վերջին մրցումներուն, որպէսզի գրաւէ 4-րդ դիրքը` լաւագոյն 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերու դասաւորման մէջ:
Օրուան միւս մրցումին, Սպանիա, որ իր երկու մրցումներն ալ յաղթած էր, Ալպանիոյ դէմ մրցումին դաշտ ներկայացած էր 10 տարբեր մարզիկներով` հանգիստ պահելով իր մարզիկները` թէ՛ չվիրաւորուելու համար, թէ՛ ալ դեղին քարտ առնելով յաջորդ հանգրուանէն չբացակայելու համար:
Սպանիոյ մարզիչ տը Լաֆուենթէի տղաքը առաջին կիսախաղին գրեթէ ամբողջութեամբ տիրապետեցին եւ 13-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեցին Ֆեռան Թորեսի շնորհիւ, սակայն Բ. կիսախաղին Ալպանիա իր կարգին վտանգեց Սպանիոյ բերդը, բայց առանց լուրջ վտանգներու, եւ մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Սպանիոյ, որ 3 մրցումներէ 9 կէտ ձեռք ձգեց` նշանակելով 5 կոլ եւ ոչ մէկ կոլ ստանալով:
Այսօր վերջ կը գտնեն խմբակներու 3-րդ եւ վերջին ճակատումները, ուր տեղի կ՛ունենան Ե. եւ Զ. խմբակներու վերջին մրցումները:
Ե. խմբակին մէջ, Պելճիքա, որ առաջին մրցումին անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Սլովաքիոյ դէմ (1-0), ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք ժամը 19:00-ին Ուքրանիոյ դէմ: Ուքրանիա իր կարգին առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով անակնկալ եւ ծանր պարտութիւն մը կրած էր Ռումանիայէն:
Պելճիքայէն պիտի բացակային Տոտի Լուքեպաքիօ, որ երկու դեղին քարտեր ստացած էր առաջին երկու մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Թոմաս Մէօնիէ, որ վիրաւոր է տակաւին: Աթլեթիքօ Մատրիտի միջնապահ Աքսել Վիցել իր կարգին կրնայ բացակայիլ` լաւապէս ապաքինած չըլլալուն պատճառով:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ Պելճիքա կը մրցի Ուքրանիոյ դէմ: Նոյն ժամուն, Սլովաքիա պիտի մրցի Ռումանիոյ դէմ:
Սլովաքիա իր առաջին մրցումին անակնկալի բերելէ ետք Պելճիքան կրցաւ կոլ նշանակել Ուքրանիոյ դէմ երկրորդ մրցումին, սակայն երկու կոլ ստանալով պարտութիւն մը կրեց: Ռումանիա իր կարգին 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, Պելճիքայի դէմ չկրցաւ դիմանալ եւ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
2000 թուականէն ետք խումբերը երեք առիթով մրցած են իրար դէմ, եւ բոլոր մրցումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտած են:
Հաւասարութիւն մը միայն կրնայ օգնել Ռումանիոյ, որ լաւագոյն կոլ էվըրէյճը ունի, սակայն բոլոր խումբերը 3-ական կէտերով, բոլորն ալ հաւասար առիթ ունին անցնելու Բ. հանգրուան:
Աւելի ուշ, ժամը 22:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Զ. խմբակի պայքարը, ուր Փորթուգալ պիտի մրցի Վրաստանի դէմ, իսկ Չեխիա` Թուրքիոյ:
Փորթուգալ 6 կէտ ձեռք ձգած է` յաղթելով Թուրքիոյ եւ Չեխիոյ, եւ այսօր Վրաստանը կրնայ դիւրին մրցակից մը ըլլալ, հակառակ անոր որ Վրաստան իր նախկին երկու մրցումներուն Թուրքիոյ եւ Չեխիոյ դէմ բաւական կոլ նշանակելու առիթներ ստեղծած էր, բայց փորձառութեան պակասը զգալի էր բերդին առջեւ, մանաւանդ Թուրքիոյ դէմ մրցումին:
Խումբերը իրար դէմ մրցած են 2008-ին, երբ Փորթուգալ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիզպոնի մէջ:
Չեխիա, որ 1 կէտ ունի, դաշտ պիտի ներկայանայ 3 կէտեր շահելու գնով Թուրքիոյ դէմ մրցումին:
Պայեր Լեւերքուզընի յառաջապահ Փաթրիք Շիքի բացակայութիւնը պատճառ պիտի չըլլայ, որ Չեխիա նահանջէ: Թուրքիայէն կը բացակայի Պարտաքճը, որ 2 դեղին քարտեր ստացած է, մինչ Աքայտին եւ Քայվեճի կրնան բացակայիլ վիրաւոր ըլլալու պատճառով:
Խումբերը 2000 թուականէն ի վեր 9 անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր Չեխիա 3 անգամ յաղթական դուրս եկած է եւ 1 մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ: