Պրազիլի ազգային խումբի, Ռէալ Մատրիտի, Պարսելոնայի, Ինթեր Միլանի եւ Ա. Սէ. Միլանի պատմական յառաջապահներէն Ռոնալտօ Լուիս Նազարիօ տը Լիմա «Ֆենոմենօ» մեծ գնահատանքով խօսած է թենիսի մասին:
Ռոնալտօ, որ բարեգործական երեկոյի մը մասնակցած է, կազմակերպուած` անուանի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիամսի նախկին մարզիչ Փաթրիք Մուրատօղլուի ակադեմիային մէջ, լուրջ պատասխան մը տուած է. «Այսօր ես թենիսը աւելի կը սիրեմ, քան ֆութպոլը: Հիմա չեմ կրնար ամբողջ մրցում մը դիտել, որովհետեւ շատ ձանձրանալիք եղած են: Բայց 5 ժամ թենիս դիտելը աւելի հետաքրքրական է»:
Ֆրանսացի մարզիչ Փաթրիք Մուրատօղլու, որ ծնած է Ֆրանսա, յունական արմատներ ունի եւ տարիներով իր ակադեմիային մէջ մարզիկներ արտադրած է, ինչպէս` Մարքու Պաղտաթիս, Անասթազիա Փաւլիուչենքովա, Լաուրա Ռոպսըն եւ Կրիկոր Տիմիթրով: Ան Սերենա Ուիլիամսի անձնական մարզիչն էր 2012-էն 2020, եւ այժմ կը մարզէ դանիացի Հոլկըր Ռունէն:
«Ես շաբաթը երեք անգամ կը մարզուիմ եւ արդէն շատ մրցունակ եմ: Իմ խաղը օրէ օր կը լաւանայ, բացի պեքհենտէն: Կը կարծեմ, որ այդ կէտը միակն է, որ Փաթրիքը չկրցաւ շտկել», ըսաւ Ռոնալտօ:
Նշենք, որ վերջերս ուրուկուէյցի այլ պատմական ֆութպոլիստ մը` Տիեկօ Ֆորլան, որ 2019-ին աւարտած էր իր ասպարէզը 40 տարեկանին, մինչեւ 16 տարեկան թենիս խաղցած էր, բայց յետոյ ընտրած ֆութպոլը: Այժմ Ֆորլան 45 տարեկանին կը մասնակցի Այ. Թի. Էֆ. թենիսի վեթերաններու մրցաշարքին` արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ: