Շիյահի կազմակերպած տարիքային մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի 2014-2015 ծնունդ պատանիները իրենց 4-րդ մրցումը կատարեցին եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեցին Քիու. Էֆ. Էյ. խումբին:
Կոլերը նշանակեցին Մարք Արզումանեան (2 կոլ), Կարէն Սինանեան, Միքայէլ Հաժ, Արէն Գազէզեան (2) եւ Սերժիօ Սարիգամշեան:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Մարք Արզումանեան: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ, պատանիներու նոյն խումբը 7-5 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրած էր Էյ. Էս. Էյ. խումբին դէմ, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին: Եղիկ Բարսեղեան, Արէն Գազեզեան, Սերժիօ Սարիգամշեան, Ալեքս Ճերէճեան, Լէոնել Յակոբեան եւ Միքայէլ Հաժ (2 կոլ) նշանակած էին ՀՄԸՄ-ի ակադեմիային կոլերը: