Նորվեկիոյ ազգային խումբի խմբապետ Մարթին Օտըկաարտ ոտքին կրունկը վիրաւորեց Աւստրիոյ դէմ մրցումի ժամանակ:
Արսենալի միջնապահ Օտըկաարտ երկրորդ կիսախաղին վիրաւորուեցաւ, դուրս ուղղուեցաւ դաշտէն կաղալով եւ դարմանում ստանալէ ետք վերադարձաւ դաշտ, բայց տակաւին կը կաղար եւ ցաւէ կը տառապէր մինչեւ փոխարինուիլը:
Ան ձախ ոտքին վրայ սխալ ձեւով դարձաւ եւ վիրաւորուեցաւ: «Շատ գէշ էր վիճակը հանդերձարանին մէջ: Առիթ չունէր շարունակելու», ըսաւ մարզիչ Սթալը Սոլպաքքեն:
Օտըկաարտ պիտի վերադառնար Արսենալ, որ դժուար մրցումներ ունէր յառաջիկայ շաբաթներուն:
Կիրակի օր, Լոնտոնի տերպիին, Արսենալ պիտի մեկնի Թոթենհամի դաշտը, ապա շաբթուան կիսուն պիտի մեկնի Իտալիա` մրցելու Աթալանթայի դէմ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն գծով: Յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթին, 22 սեպտեմբերին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Նորվեկիա 1-1 արդիւնքով հաւասար էր, երբ Օտըկաարտ վիրաւորուեցաւ, եւ 80-րդ վայրկեանին Հաալանտ նշանակեց Նորվեկիոյ 2-րդ եւ յաղթանակի կոլը:


