Պարսելոնայի նախագահութեան նախկին թեկնածու Վիքթոր Ֆոնթ սուր քննադատութեան մատնեց ակումբին այժմու նախագահ Խուան Լափորթան եւ անոր աշխատակազմը:
«Երեք տարուան ընթացքին երեք տարբեր մարզական տնօրէններ, երեք գլխաւոր մարզիչներ փոխուած են: Միացած են 30 նորեկ մարզիկներ, որոնցմէ միայն 8 ֆութպոլիստներ մնացած են: Հաղորդեցինք, որ Կիւնտողանը ղրկեցինք մարզական նկատառումներով: Ինչո՞ւ կը խաբէք մարդոց: Հաղորդեցիք, որ Նիքօ Ուիլիամսի հետ պայմանագրութիւն պիտի կնքենք, իսկ աւելի ուշ ըսին, որ մարզիկներու պէտք չունինք», ըսաւ Ֆոնթ «Սփորթ» կայքին:
ՄԻՒՍ կողմէ, Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Տեքօ յայտարարեց, թէ ինչո՛ւ Նիքօ Ուիլիամսի հետ պայմանագրութիւն չկնքուեցաւ: Ան չբացայայտեց, թէ հարցը նիւթական էր, այլ պարզապէս ըսաւ, թէ երբ խումբ մը ունի Ռաֆինիան, Ֆեռան Թորեսը, Անսու Ֆաթին, Լամին Եամալը, ինչպէս նաեւ Ֆերմին Լոփեսը եւ Տանի Օլման, պէտք չ՛ունենար Նիքօ Ուիլիամսին: «Օլմօ արդէն չափէն աւելի մեծ օգուտ կու տայ խումբին», ըսաւ Տեքօ: