Սպանական «Սփորթ Էս» կայքին հաղորդումով, Ռէալ Մատրիտ յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի սպանացի միջնապահ Ֆապիան Ռուիսը:
Ռուիս տպաւորած է Ռէալի պատասխանատուները եուրոյի իր փայլուն ելոյթներով Սպանիոյ հետ: Բացի ատկէ, Ռուիս արդէն խաղցած է Քարլօ Անչելոթթիի նախապէս մարզած Նափոլիի հետ:
Կը նշուի, որ 28 տարեկան Ռուիս, որուն պայմանագրութիւնը Փարիզի կազմին հետ կ՛երկարի մինչեւ 2027, կրնայ աւելի կանուխ հեռանալ ֆրանսական խումբէն, մանաւանդ որ վերջինս դէմ չէ անոր «ծախուելուն»:
Միւս կողմէ, Ռէալ Մատրիտի պահեստի բերդապահ ուքրանացի Անտրէ Լունին չ՛ուզէր երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը եւ պիտի լքէ ակումբը 2025-ի աւարտին:
Լունինի գործակալ Ժորժ Մենտեշի կապերը շատ լաւ չեն վերջերս Ռէալի հետ, մանաւանդ որ այս ամառ վերջինս կ՛ուզէր ձեռք ձգել Լենի Եորոն, որ միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Անցեալ տարի Լունին շատ լաւ ելոյթներ ունեցած էր «Լա լիկա»-ի թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն, երբ Թիպօ Քուրթուա վիրաւոր էր, սակայն Քուրթուա «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին վերադարձաւ, մինչ Լունին անգամ մըն ալ առիթ չունեցաւ դաշտ ներկայանալու:


