– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի կեդրոնի յետսապահ Մաթայս Տը Լիխթ, որ ամիս մը առաջ միացած էր «Կարմիր սատանաներուն»` լքելէ ետք Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, շատ գոհ կ՛երեւի իր նոր խումբին հետ:
«Ես գոհ եմ Մանչեսթըր Եունայթըտին միանալով` յաւելեալ պատճառով մըն ալ: Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին շատ աւելի հետեւող կայ, քան «Պունտըսլիկա»-ին, ըսաւ Տը Լիխթ (25 տարեկան), որ Պայերնին միացած էր 2022-ին:
– ՄՆԱԼՈՎ Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ, լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ ֆրանսացի Զինետին Զիտան հաւանաբար փոխարինէ նետերլանտցի Էրիք Թեն Հակը: Սակայն ըստ բազմաթիւ մասնագէտներու, ատիկա անկարելի կը թուի, մանաւանդ որ Զիտան անգլերէն չի գիտեր եւ չ՛ուզեր սորվիլ` իր յոյսերը կապած մնալով Ֆրանսայի ազգային խումբը գլխաւորելու:
– ԱՅԼ ֆրանսացի մը` Անթուան Կրիզման, ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակամիջոցին հաւանաբար լքէ Աթլեթիքօ Մատրիտը` տեղափոխուելով Էմ. Էլ. Էս. Լոս Անճելըս Կալաքսի եւ Էֆ. Սի. Լոս Անճելըս լրջօրէն հետաքրքրուած են Կրիզմանով (33 տարեկան):
– ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ ծայրի յառաջապահ Սամուէլ Էմպանկուլա, որ տակաւին երեք ելոյթ ունեցած է Եուվէի հետ, նոր պայմանագրութիւն կրնայ կնքել ակումբին հետ:
20 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական լաւ ելոյթ կ՛ունենայ Թիակօ Մոթայի գլխաւորութեամբ` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով 3 էսիսթ: Հաւանական է, որ անոր պայմանագրութիւնը երկարի մինչեւ 2029` աշխատավարձի զգալի աճով:
– ԻՏԱԼԱՑԻ յայտնի մասնագէտ Ֆապիօ Քափելլօ իր կարծիքը յայտնած է այս տարուան «Սերի Ա.»-ի մասին:
«Ո՞վ կը շահի Սքուտեթոն… Ինթեր Միլանը շատ առաջ է միւս բոլոր մրցակիցներէն: Ես ուշադիր կը հետեւիմ Նափոլիին, մանաւանդ Լուքաքուի միանալէն ետք: Առաջին երկու մրցումներուն Եուվենթուս շատ լաւ էր, հիմա քիչ մը աւելի զուսպ եմ իմ կանխատեսումներուս մէջ` իրենց հետ կապուած»: