19 հոկտեմբերին պիտի սկսին Լիբանանի գերբաժակի մրցումները` Ռիատիի, ՀՄԸՄ-ի, Սաժեսի եւ Պէյրութի միջեւ:
Ռիատի պիտի մրցի Պէյրութի դէմ, իսկ ՀՄԸՄ` Սաժեսի: Յաղթական խումբերը պիտի մրցին աւարտականին, իսկ պարտուող խումբերը` 3-րդ դիրքի համար:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, 19 եւ 20 հոկտեմբերին:
. ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մասնաճիւղը, վերջերս մասնակցելէ ետք Դ. դասակարգի մրցումներուն, իր վերջին մրցումին 74-32 արդիւնքով յաղթած էր Ալիխուա Ալ Հատաս խումբին եւ մնացած Դ. դասակարգ: Նոյն դասակարգի մէջ մնաց նաեւ ՀՄԸՄ Ժիւնիի մասնաճիւղի խումբը, յաղթելէ ետք Ինաաշ Քանաթի` 59-52 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը պայքարէր բարձրանալու Գ. դասակարգ, իր վերջին մրցումին 5 կէտերով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն:
Շատ լաւ տարեշրջան մըն էր Անթիլիասի տղոց համար, որոնք 94 ակումբներու հետ մրցելէ ետք հասած էին ֆայնըլ 6: