Իտալացի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը` պարտութեան մատնելէ ետք թիւ 12 թենիսմեն Թէյլըր Ֆրիցը, 6-3, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Սինըր քիչ մը դանդաղ սկսած էր այս մրցաշարքը, բայց մթնոլորտին մէջ մտնելէ ետք անզսպելի եղաւ
մրցումէ մրցում:
Սինըր շատ պարզ թենիս կը խաղայ, բայց միշտ կայուն եւ զօրաւոր հարուածներ ունի ամէն դիրքի վրայ: Ան յաճախ օգտուեցաւ մրցակիցներու սխալներէն եւ ինք կարելի եղածին չափ քիչ սխալներ գործեց:
Ֆրիցի մարզիչ Մայքըլ Ռասըլ հաստատեց, որ եթէ Ֆրից յաջողէր 3-րդ սեթը յաղթել, կրնար յոյս ունենալ յաղթելու:
«Երբեմն քեզի կը ստիպէ աւելի երկարել խաղը… Բոլոր հարուածներուն պատրաստ է եւ միշտ կը փոխադարձէ ու կը զսպէ քու հարուածներդ»:
Ֆրից ըսաւ. «Գիտեմ, որ կ՛ուզէինք յաղթել, որովհետեւ երկար ժամանակէ ամերիկացի ախոյեան չենք ունեցած հոս… Շատ կը ներէք, որ չկրցայ շահիլ այս անգամ»:
Էնտի Ռոտիք 2003-ին եղած էր վերջին ամերիկացի թենիսմենը, որ կը շահէր Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ: 2009-ին Ռոտիք եղած էր վերջին ամերիկացին, որ կը հասնէր կրան շլեմի աւարտական` պարտուելով զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերէն, Ուիմպըլտնի մէջ:
2 ժամ 15 վայրկեան տեւած մրցումէ ետք, Սինըր շահեցաւ իր ասպարէզի 2-րդ կրան շլեմի տիտղոսը` յաջորդելով այս տարուան Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին (յունուարին): 1977-ին Կիյերմօ Վիլաս իր առաջին 2 կրան շլեմի տիտղոսները շահած էր նոյն տարին:
2002-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «մեծ 3»-էն որեւէ մէկը կրան շլեմի մրցաշարք չշահեցաւ: Թենիսի «մեծ 3»-ը Նովաք Ճոքովիչը, Ռաֆայէլ Նատալը եւ Ռոժէ Ֆետերեն են: Ռոժէ լքած է թենիսի իր ասպարէզը, մինչ Նատալ հազուադէպօրէն կը մասնակցի մրցումներու:
«Լաւ է նոր ախոյեաններ ունենալը… Լաւ են նոր մրցակցութիւնները», ըսաւ Սինըր: Այս տարուան 4 կրան շլեմի տիտղոսները շահեցան Քարլոս Ալքարաս (21 տարեկան) եւ Եաննիք Սինըր (23 տարեկան):
Պէտք է ըսել սակայն, որ ամերիկեան թենիսին համար լաւ մրցաշարք մըն էր, ուր տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի մրցում հասած էին երկուքական մարզիկներ: