«Էլ Նասիոնալ» կայքին համաձայն, Եուվենթուս եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն հետաքրքրուած են Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի ծառայութիւններով:
Ըստ աղբիւրին, երկու ակումբներն ալ կը փնտռեն յարձակողական ոճի փորձառու ֆութպոլիստ մը եւ կը կարծեն, թէ 32 տարեկան եգիպտացին շատ լաւ տարբերակ է:
Նշենք, որ վերջերս Սալահ յայտնած էր, թէ կը մտածէ հեռանալ Լիվըրփուլէն:
Սալահ 2017-ին միացած էր Լիվըրփուլին եւ իր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2025-ի ամրան: Ան Լիվըրփուլի հետ կատարած է 253 մրցում` նշանակելով 158 կոլ, ինչպէս նաեւ 92 էսիսթ կատարած է:
Ան սկսած էր Մուքաուիլուն եգիպտական խումբէն, զոր 20 տարեկանին լքած է միանալու Զուիցերիոյ Պազըլ խումբին: Պազըլի հետ 2 տարեշրջան խաղցած է եւ մեկնած Չելսի 2014-ին, ուր հազիւ 13 մրցում կատարած, փոխ տրուած է Ֆիորենթինա, ապա Ռոմա, մինչեւ 2017, երբ 25 տարեկանին միացած է Եուրկըն Քլոփի Լիվըրփուլին: