Այսօր ժամը 15:00-ին Սինկափուրի մէջ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեան Ունիչախայի դէմ:
Միջցամաքամասային ախոյեանութեան Ա. խմբակի մրցումները սկսած էին երէկ, ուր սպանական Ունիչախան 94-78 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Անկոլայի եւ Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտայի դէմ:
Եանիք Մորէյրա (12 կէտ), Սլեսիօ Քասթրօ (13 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Փաթրիք Կարտնըր (12 կէտ) եղան Ունիչախայի լաւագոյն մարզիկները:
Սպանական խումբը առաջին մասին (25-6) արդէն մեծ առաւելութիւն ձեռք ձգած էր եւ մինչեւ կիսախաղ 55-32 արդիւնքով յաղթած էր` առիթ տալով, որ երկրորդ կիսախաղին մասնակցին նաեւ պահեստի մարզիկները, այսօրուան Ռիատիի դէմ մրցումին աւելի «թարմ» մնալու համար:
Յուսանք, որ Ռիատի լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ այս մրցումին: Բ. խմբակէն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ճի Լիկ»-ի աստղերէ կազմուած խմբակը 78-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Քուիմսան:
Այսօր առաջին մրցումին ժամը 12:00-ին Թասմանիա Ճեքճամփըրզ (Աւստրալիա), որ Ովկիանիոյ ախոյեանն է, պիտի մրցի Քուիմսայի դէմ: