Այիրի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի պահեստի բերդապահ Քուիվըն Քելեհըր անակնկալի եկաւ Լիվըրփուլի պատասխանատուներէն, երբ ակումբը ձեռք ձգեց Վրաստանի ազգային խումբի բերդապահ Կէորկի Մամարտաշվիլին:
25 տարեկան Քելեհըր, որ 2015-էն ի վեր Լիվըրփուլ ակումբի տարիքային խումբերէն կը խաղար եւ 2019-էն ի վեր ընդամէնը 15 մրցումներ կատարած է հիմնական կազմին հետ, շատ լաւ բերդապահ մըն է:
«Վերջին քանի մը տարիներուն ես հասկցած եմ եւ յոյսով էի մնալ եւ դառնալ ակումբին թիւ 1 բերդապահը: Ակումբը որոշած է պայմանագիր կնքել Մամարտաշվիլիի հետ, եւ այդ որոշումէն ես այլ բաներ կը հասկնամ: Ես բաւական լաւ եմ եւ մրցունակ, կը ցանկամ խաղալ ամէն շաբաթ», ըսաւ Քելեհըր:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ պաշտօնապէս յայտարարեց Վալենսիայի 23 տարեկան վրացի բերդապահին հետ պայմանագրութիւն կնքելու մասին: Մամարտաշվիլի 2025-2026 տարեշրջանին պիտի միանայ «կարմիրներ»-ուն, մինչ այդ այս տարեշրջանը շարունակելով Վալենսիայի հետ:


