Այսօր ժամը 21:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բարեկամական մրցում մը պիտի ունենայ ՀՄՄ-ի դէմ:
2024-2025 տարեշրջանի պատրաստութիւններու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ փորձ-մրցումներով կ՛ուզէ լաւապէս պատրաստուիլ բաժակի եւ ախոյեանութեան մրցումներուն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին փորձ-մրցումին. քիչ մը դանդաղ սկսելէ ետք Օլիմփիք Տմիթին դէմ, Պուրճ Համուտի տղաքը իրենք զիրենք գտան եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Գ. դասակարգի իրենց մրցակիցին դէմ:
Աւելի առաջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Հիլալ Նասր խումբին հետ:
Կը սպասուի, որ համակիրները ներկայ ըլլան քաջալերելու տղաքը, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ այսօր տեղի ունենալիք մրցումին: