Եւրոպայի 5 կարեւորագոյն ախոյեանութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան հետաքրքրական մրցումներ, նաեւ արձանագրուեցան անակնկալ արդիւնքներ:
«Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, մայրաքաղաք Լոնտոնի Արսենալը անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պորնմաութէն:
Պորնմաութ, որ վերջին անգամ 2018-ին կրցած էր յաղթել Արսենալին, մեծապէս օգտուեցաւ նախ Պուքայօ Սաքայի վիրաւոր ըլլալէն, ապա ֆրանսացի Ուիլիամ Սալիպայի կարմիր քարտէն, որ վերջինս 30-րդ վայրկեանին:
Արսենալի «անբախտ» մարզիկը Ռահիմ Սթերլինկն էր, որ փոխարինուեցաւ լեհ կեդրոնի յետսապահ Եաքուպ Քիույորով: Քիույոր փոխարինեց Սալիպայի դիրքը «լեցնելու», մինչ Սթերլինկ առաջին անգամ ըլլալով կը փոխարինէր Սաքան` խաղալով իր նախասիրած աջ ծայրի յառաջապահ դիրքին վրայ:
Արսենալ, որ բաւական լաւ ձեւով չէր կրնար վտանգել Պորնմաութի բերդը, իր նախասիրած դիրքէն` քոռնըրէն կոլ մը ստացաւ: Արսենալ, որ այս տարեշրջանին բազմաթիւ կոլեր նշանակած էր քոռնըրի վրայ, այս անգամ ինք ստացաւ կոլ մը, երբ Ճասթըն Քլայվերթի փոխանցումէն օգտուելով Ռայըն Քրիսթի նշանակեց գեղեցիկ կոլ մը, 70-րդ վայրկեանին: 9 վայրկեան ետք, նոյնինքն Քլայվերթ փենալթիով նշանակեց Պորնմաութի 2-րդ կոլը:
Արսենալ, որ կը փորձէր դառնալ «Փրեմիեր լիկ»-ի միայն երկրորդ խումբը, որ իր 2 հազարերորդ յաղթանակը արձանագրեց, յառաջիկայ շաբաթ պիտի մրցի Լիվըրփուլի դէմ` Լոնտոնի մէջ: Նշենք, որ միակ խումբը, որ 2.000 յաղթանակի սահմանը կտրած է, նոյնինքն Լիվըրփուլն է:
«Կարմիր սատանաներ»-ը այս եղանակի իրենց լաւագոյն մրցումներէն մէկը ունեցան` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Պրենթֆորտի վրայ:
Տարեշրջանի սկիզբէն համակիրներու կողմէ քննադատուած Մաթայս Տը Լիխթ, Քասեմիրօ եւ Կառնաչօ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան` մարզիչ Էրիք Թէն Հաակի վրայէն ճնշումը նուազեցնելով:
Կիսախաղը կը մօտենար, մինչ Տը Լիխթ, որ 11-րդ վայրկեանին գլուխը վիրաւորած էր, զարմանալիօրէն արիւնլուայ վիճակի մէջ էր անգամ մը եւս, եւ իրաւարարը զինք ստիպեց դուրս ուղղուիլ դաշտէն` լաւ ձեւով կապելու վէրքը: Պրենթֆորտ օգտուեցաւ այս առիթէն եւ քոռնըրէն կոլ մը նշանակեց, մինչ Տը Լիխթ կը բողոքէր իրաւարարին, թէ ինչո՛ւ չէր վերադարձած դաշտ:
Բ. կիսախաղին, Եունայթըտ շարունակեց վտանգել Պրենթֆորտի բերդը, եւ Մարքուս Ռաշֆորտի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք, Ալեխանտրօ Կառնաչօ նշանակեց անզսպելի կոլ մը` հաւասարեցնելով արդիւնքը:
62-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆեռնանտեշ գնդակը փոխանցեց Ռասմուս Հոյլունտի, որ խելացի լոպով կոլ նշանակեց Պրենթֆորտի բերդապահ Ֆլեքընի գլխուն վրայէն:
Եունայթըտի երկրորդ կոլէն ետք Տիոկօ Տալոթ բախտը փորձեց զօրաւոր հարուածով մը, բայց Ֆլեքըն զսպեց զայն: Կորսուած վայրկեաններուն, խմբապետ Ֆեռնանտեշի զօրաւոր հարուածը վարպետօրէն զսպեց Ֆլեքըն: Եունայթըտ իր 8-րդ մրցումին կրցաւ 11-րդ կէտը շահիլ` 3 յաղթանակէ եւ 3 պարտութենէ ետք:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն վերստին բարձրացաւ առաջին դիրք` օգտուելով Լիլի դէմ Մոնաքոյի ճերմակ հաւասարութենէն:
Պէտք է ըսել, որ Մոնաքօ կէս ժամ 10 մարզիկներով խաղցաւ, սակայն այս խումբը ինք էր, որ կոլի աւելի առիթներ ստեղծեց նոյնիսկ 10 մարզիկներով:
Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-2 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ տարաւ Սթրազպուրկի դէմ:
18 տարեկան միջնապահ Սեննի Մայուլու 12-րդ վայրկեանին լաւ քոնթրոլ ընելէ ետք հեռուէն ռմբային հարուածով ցնցեց Սթրազպուրկի բերդը, որուն աջ սիւնը զսպեց անոր գնդակը:
18-րդ վայրկեանին Պրատլի Պարքոլայի փոխանցումէն ետք, Մայուլու նշանակեց Փարիզ Սեն Ժերմենի առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղի 2-րդ վայրկեանին, Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Մարքօ Ասենսիօ նշանակեց Փարիզի 2-րդ կոլը: 66-րդ վայրկեանին Պարքոլա նշանակեց Փարիզի 3-րդ կոլը, մինչ քորէացի Քանկուին Լի 90-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարիզի 4-րդ կոլը: Սթրազպուրկի կոլերը նշանակեցին Սեքու Մարա եւ Տաուտա Տիոնկ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցմներուն, Պայերն Միւնիխ «Ալիանց Արենա»-ի մէջ 75 հազար համակիրներու ներկայութեան բաւական դժուար մրցում մը ունէր անցեալ տարուան փոխախոյեան Շթութկարթի դէմ:
Ճնշումը Պայերնի վրայ էր, որ իր վերջին 3 մրցումներուն ձախողած էր յաղթանակ նուիրել իր համակիրներուն, մինչ Շթութկարթ իր կարգին նոյն վիճակը ունէր:
Առաջին կիսախաղին ճիշդ է, որ Պայերն տիրապետեց, սակայն կոլ նշանակելը կարելի չեղաւ: Աւելի՛ն, երիտասարդ միջնապահ Ալեքսանտր Փաւլովիչ (20 տարեկան), որ 5 օր առաջ ազգային խումբին հետ շատ լաւ ելոյթ ունեցած էր Նետերլանտներու դէմ, 6-րդ վայրկեանին իր ուսի ոսկորը կոտրեց եւ առնուազն երեք ամիս պիտի բացակայի կանաչ դաշտերէն: Այս մէկը առիթ եղաւ փորթուգալցի միջնապահ Ժոաօ Փալինիային, որ 84 վայրկեան խաղայ:
Բ. կիսախաղին մարզիչ Վենսան Քոմփանի իր ցուցմունքները տուաւ եւ Պայերն աւելի սաստկացուց իր վտանգը Շթութկարթի բերդապահ Ալեքսանտր Նուպելի վրայ:
57-րդ վայրկեանին Անգլիոյ խմբապետ Հերի Քէյն անզսպելի հարուածով նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը: 3 վայրկեան ետք, Փալինիայի հարուածը զսպեց Նուպել, սակայն գնդակը հասաւ Քէյնի, որ նշանակեց իր 2-րդ կոլը: 67-րդ վայրկեանին Քէյնի հարուածը քիչ մը բարձր էր, եւ ան ձախողեցաւ իր 3-րդ կոլը նշանակել: 80-րդ վայրկեանին սակայն, Քէյն ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը` նշանակելով 3-րդ կոլը: 2 վայրկեան ետք, Քէյն կոլ մը եւս նշանակեց, որ սակայն օֆ սայտ նկատուեցաւ: 89-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի Քինկալի Քոման նշանակեց Պայերնի 4-րդ կոլը` 20 վայրկեան առաջ փոխարինելէ ետք Սերժ Կնապրին:
ԱՆցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն իր «Պայարենա» դաշտին վրայ կրցաւ 1-0 պարտութիւնը յեղաշրջել 2-1-ի, Այնթարխթ Ֆրանքֆորթի դէմ մրցումին: Ֆրանքֆորթ, որ Պայերնի դէմ իր մրցումին փաստած էր, թէ երբեք դիւրին կազմ չէր, կրցաւ օգտուիլ Ռոպերթ Անտրիշի սխալէն եւ փենալթի շահիլ:
16-րդ վայրկեանին եգիպտացի Օմար Մարմուշ Ֆրանքֆորթի կոլը նշանակեց փենալթիով: 7 վայրկեան առաջ Պոնիֆաս կորսնցուցած էր Լեւերքուզընի բացման կոլը, երբ Ֆրանքֆորթի բերդապահ Քեւին Թրափ զսպած էր զայն:
Անտրիշ 25-րդ վայրկեանին իր սխալը շտկեց` նշանակելով Լեւերքուզընի հաւասարութեան կոլը` օգտուելով Մարթին Թերիէի փոխանցումէն:
10 վայրկեան ետք Անտրիշ հեռուէն հարուածեց, եւ գնդակը վերջին երկվայրկեանին ուղղուեցաւ բերդէն դուրս:
Կիսախաղէն առաջ Ֆրանքֆորթ կրցաւ նշանակել կոլ մը… սակայն Ուկօ Էքիթիքէի կոլը օֆ սայտ էր:
63-րդ վայրկեանին այս անգամ Անտրիշի հարուածը զսպեց Թրափի բերդին սիւնը: Վայրկեան մը ետք Ֆլորիան Վիրց դաշտ ներկայացաւ փոխարինելով Թերիէն: 72-րդ վայրկեանին Վիրցի փոխանցումէն օգտուելով Վիքթոր Պոնիֆաս նշանակեց այս եղանակի իր 5-րդ կոլը (7 մրցումներու ընթացքին):
Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի արդիւնքները.
Պայերն Միւնիխ – Շթութկարթ 4-0
Պայեր Լեւերքուզըն – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 2-1
Հոֆենհայմ – Պոխում 3-1
Ֆրայպուրկ – Աուկզպուրկ 3-1
Մայնց – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 0-2
Մէօնշընկլատպախ – Հայտընհայմ 3-2
Տորթմունտ – Զանքթ Փաուլի 2-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ԿԷՏ |
1.- Պայերն Միւնիխ | 17 (24-7) |
2.- Լայփցիկ | 17 (11-2) |
3.- Ֆրայպուրկ | 15 (12-8) |
4.- Պայեր Լեւերքուզըն | 14 (18-13) |
5.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ | 13 (15-11) |
6.- Տորթմունտ | 13 (14-12) |
………………… | ………………… |
16.- Զանքթ Փաուլի | 4 (5-11) |
17.- Հոլշթին Քիլ | 2 (9-19) |
18.- Պոխում | 1 (7-17) |