Պարսելոնան տակաւին չէ կրցած վճարել «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի սահմանած 500 հազար եւրոն` իբրեւ տուգանք նախորդ եղանակի նիւթական խախտումներու համար:
Մարզական վճռադատ յանձնախումբը վաւերացուցած էր Պարսելոնայի պատիժը: Գործի քննութեան ժամանակ դատարանը որոշած է, թէ Պարսելոնա խախտած է «Ֆայնենշըլ ֆեր-փլէյ»-ի օրէնքի երկու կէտ: Այդ իսկ պատճառով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ վաւերացուած է նիւթական տուգանքը:
Սպանական ակումբը 10 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ «Լա լիկա»-ի պարագլուխի դիրքը: