Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, 60 քկ կշիռի աղջկանց բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (22 տարեկանէն վար) ախոյեան դարձաւ Էլիտա Քոչարեան:
Քոչարեան աւարտականին պարտութեան մատնեց ուքրանացի իր մրցակիցը:
21 տարեկան Քոչարեան 3-րդ ռաունտին կրցաւ գերազանցել Թաթիանա Տովկալը` դառնալով ախոյեան:
1 տարի առաջ, նոյն տարիքային կշիռի մրցումներուն, Քոչարեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին:
Նշենք, որ տղոց 4 ներկայացուցիչներ աւելի ուշ պիտի մրցին կիսաւարտականի մրցումներուն: