Կիրակի գիշեր Օսթինի մէջ (Թեքսաս) տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու կրան փրին, որ այս տարուան 19-րդ մրցումն էր:
Լանտօ Նտիս իր «Մաքլարենով» շահած էր փոլ փոզիշընը եւ սկսաւ կրան փրին առաջին դիրքէն` իր մօտ ունենալով աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընը, որ «Ռետ Պուլ»-ի հետ գրաւած էր 2-րդ դիրքը:
Զոյգի մրցակցութենէն օգտուելով, «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր առաջին շրջանէն իսկ կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը եւ հոն ալ մնաց մինչեւ կրան փրիի աւարտը: Իր խմբակից Քարլոս Սայնց «Ֆեռարի»-ի լաւ հաշիւներով կանուխ մտաւ անիւ փոխելու եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը: Նորիս-Վերշթափըն զոյգի պայքարը մնաց մինչեւ վերջին շրջանները, ուր Նորիս կրցաւ գերազանցել Վերշթափընը, սակայն «Մաքլարենի 4 անիւներն ալ շրջավազքէն դուրս կը գտնուէին, այդ պատճառով ալ ան պատժուեցաւ 5 երկվայրկեանով, բան մը, որուն պատճառով Վերշթափըն գրաւեց 3-րդ դիրքը, իսկ Նորիս` 4-րդ:
«Շատ դժուար պայքար էր: Փորձեցի կարելիս ընել զինք ետեւ պահելու: Փոտիում բարձրանալը լաւ արդիւնք է: Ես իմ անձնական կարծիքս ունիմ (պատիժի վերաբերեալ): Իրաւարար մարմինը իրենք կարծիք ունին եւ կը վճռեն ամէն ինչ», ըսաւ Վերշթափըն մրցումէն ետք:
«Ֆեռարի» 2018-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը շահէր Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ 2006-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով 1-2 դիրքերը գրաւեց նոյն կրան փրիին:
Վերշթափըն, որ յունիսէն ի վեր որեւէ կրան փրի չէ կրցած շահիլ, 5 կէտով կրցաւ հեռանալ Նորիսէն` պարագլուխի դիրքին վրայ:
Նորիս իր կարելին ըրաւ վերջին շրջաններուն Վերշթափընի վրայ առաւելութիւն ունենալու, որ 5 երկվայրկեան պատիժը չազդէ իր դիրքին վրայ, սակայն 4,1 երկվայրկեան միայն կրցաւ հեռանալ «Ռետ Պուլ»-էն:
«Ան կը պաշտպանէ շրջավազքէն դուրս ելլելով, ան կ՛անցնի շրջավազքէն դուրս ելլելով… Բայց չեմ գանգատիր: Մաքս լաւ վարեց եւ լաւ պաշտպանեց, միասնաբար լաւ պայքարեցանք: Բայց օրէնքը օրէնք է», ըսաւ Նորիս «Սքայլ Սփորթ»-ին:
Ստորեւ` արդիւնքները.
1.- Լըքլեր 1 ժամ 35:09.639
2.- Սայնց 8.562 երկվայրկեան ուշ
3.- Վերշթափըն 19.412 ուշ
4.- Նորիս 20.354 ուշ
5.- Փիասթրի 21.921 ուշ
6.- Ռասըլ 56.295 ուշ
7.- Փերես 59.072 ուշ
8.- Հուլքենպերկ 62.957 ուշ
9.- Լոսըն 70.563 ուշ
10.- Քոլափինթօ 71.979 ուշ
Վարորդներու Դասաւորում | Կէտ |
1.- Վերշթափըն | 354 |
2.- Նորիս | 297 |
3.- Լըքլեր | 275 |
4.- Փիասթրի | 247 |
5.- Սայնց | 215 |
6.- Համիլթըն | 177 |
7.- Ռասըլ | 167 |
8.- Փերես | 150 |
Ինքնաշարժներու Դասաւորում | Կէտ |
1.- «Մաքլարեն Մերսետես» | 544 |
2.- «Ռետ Պուլ Հոնտա» | 504 |
3.- «Ֆեռարի» | 496 |
4.- «Մերսետես» | 344 |
5.- «Ասթոն Մարթին» | 86 |