Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Նիւ Եորք Շահեցաւ Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ը

October 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Եորք Լիպերթի 27 տարի ետք վերջապէս դարձաւ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` պարտութեան մատնելէ ետք Մինեսոթան 67-62 արդիւնքով, յետ երկարաձգման:

Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցած 5-րդ ճակատումին, մրցումը աւարտեցաւ 60 հաւասար արդիւնքով եւ Մինեսոթա Լինքս միայն 2 կէտ կրցաւ նշանակել Լիպերթիի 7-ին դիմաց:

Մինեսոթա Լինքս 4-րդ մրցումին 2 կէտով յաղթած էր Նիւր Եորք Լիպերթիին (82-80)` պարտադրելով 5-րդ վճռական ճակատումը:

Լիպերթի, որ 5 անգամ աւարտականի հասած եւ պարտութիւն կրած էր, 6-րդ փորձին յաջողեցաւ, երբ պահեստի մարզիկներ Լէոնի Ֆիպիշ (3 կէտ) եւ Նայարա Սապալի (2) եղան երկարաձգումի հերոսները, մանաւանդ որ Պրիանա Սթիւըրթ եւ Սապրինա Իոնեսքու համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցան:

Ճոնքել Ճոնզ 17 կէտ նշանակեց եւ մրցումի աւարտին ընտրուեցաւ աւարտական մրցումներու «Էմ. Վի. Փի.»:

«Օվըրթայմին ով որ նախ նշանակէ, ընդհանրապէս ենք կը յաղթէ», ըսաւ Լիպերթիի մարզիչ Սենտի Պրոնտելլօ:

Մինեսոթա չկրցաւ նշանակել յաւելեալ վայրկեաններուն, մինչեւ Քայլա Մաքպրայտի ազատ հարուածները` 1:51 վայրկեան մնացած: Իոնեսքու 21 երկվայրկեան մնացած կորսնցուց 3 կէտնոց կողովի առիթ մը` իր 18-րդը 19 փորձերու գծով, մինչ Լինքս Պրիճեթ Քարլթոնի միջոցով առիթ մը ունէր 3 կէտնոց կողով նշանակելու, աւարտէն 16 երկվայրկեան առաջ, սակայն ձախողեցաւ:

Նաֆիսա Քոլիէ 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, սակայն 13 երկվայրկեան մնացած կատարեց իր վերջին ֆաուլը եւ դուրս ուղղուեցաւ դաշտէն:

2019-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով խումբերը ստիպուեցան հասնիլ 5-րդ ճակատումին` վճռելու ախոյեանը: Յառաջիկայ տարի աւարտականի մրցումները պիտի ըլլան տղոց «Էն. Պի. Էյ.»-ի նման 7 մրցումներու վրայ, ուր 4 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը դառնայ ախոյեան:

Պէտք է ըսել, որ այս տարուան աւարտական մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական եղաւ, ուր 2 մրցումներ վճռուեցան երկարաձգումով, իսկ մրցում մըն ալ վճռուեցաւ վերջին երկվայրկեաններուն նշանակուած կողովով մը:

18 հազար համակիրներու ներկայութեան, Մետիսըն Սքուեր Կարտընը, Ֆրանք Սինաթրայի հռչակաւոր «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգին բառերով տօնեց Նիւ Եորք Լիպերթիի առաջին «տապըլեու Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը:

 

 

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. «Ֆեռարի» Շահեցաւ Առաջին Երկու Դիրքերը Լըքլեր` Առաջին

Յաջորդը

Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Շատ Գլուխով Կոլ Նշանակած Մարզիկներու Տասնեակը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.