«Օր մը Լոնտոնի մէջ, խաչմերուկի վրայ տեսայ ճամբու ուղղութեան լոյսերը… դեղինը` կ՛ըսէ` հանգստացիր, իսկ կարմիրը` կանգ առ… Ասոնք դաշտին վրայ գործադրեցի», ըսաւ անգլիացի ֆութպոլի իրաւարար Քենեթ Ասթոն, որ տարիներով իրաւարար ըլլալէ ետք եղաւ իրաւարարներու պատասխանատու, 1970-էն սկսեալ իր յղացումով դիմուեցաւ դեղին եւ կարմիր քարտերու:
1962-ի մոնտիալին, Չիլիի մէջ, շատ մրցումներ կոշտ ձեւով կը կիրարկուէին:
Ֆութպոլիստներուն միջեւ ծեծկռտուքը այնքան տարածուեցաւ, որ ֆութպոլը գրեթէ անկառավարելի դարձաւ:
Շատ հանդիպումներ կ՛աւարտէին զանգուածային ծեծկռտուքներով, որոնց ընթացքին մարդիկ կը պայքարէին ոչ թէ կեանքի, այլ մահուան համար, եւ այդ պատճառով վիրաւորները ստիպուած էին տանիլ հիւանդանոց: Այս վայրագութիւններուն գագաթնակէտը դարձաւ Չիլիի մոնտիալը 1962-ին:
Խորհրդային Միութիւն – Եուկոսլաւիա մրցումին մրցակիցները այնքան բիրտ կը խաղային, որ քանի մը ֆութպոլիստներ իրենց ոսկորները կոտրեցին: Նոյն ձեւի բան պատահեցաւ Գերմանիա – Իտալիա մրցումին:
Չեխոսլովաքիա – Սպանիա մրցումին, բերդապահը գլուխէն հարուած մը ստանալով իր ուշքը կորսնցուցած էր: Արժանթին – Պուլկարիա մրցումին ալ քանի մը ֆութպոլիստներ նոյնպէս լուրջ վէրքեր ստացան: Սակայն ամէնէն «տաք» մրցումը Չիլի – Իտալիա մրցումն էր, որ կոչուեցաւ «Սանթիակոյի ճակատամարտ»-ը:
Մարզիկները կռիւի կը մասնակցէին ձեռքով եւ ոտքով: Պահ մը նոյնիսկ պէտք եղաւ ոստիկանութեան միջամտութեան: Չիլի 2-0 արդիւնքով յաղթեց, սակայն բոլորը դժգոհ էին իրաւարարներէն: Գլխաւոր իրաւարարն էր Քենեթ Ասթոն: Այդ մէկը խորապէս տպաւորեց Ասթոնիը: «Ես կը վարէի ոչ թէ ֆութպոլի, այլ ռազմական գործողութիւններու կարգ», ըսաւ ան:
Ան այս ձեւով գտաւ լուծումը, որ գործի դրուեցաւ 1970-ի մոնտիալէն սկսեալ:
Ասթոն իրաւարար ըլլալէ դադրեցաւ 1963-ին, իսկ 1966-ին ընդգրկուեցաւ ՖԻՖԱ-ի իրաւարարներու կոմիտէի կազմին մէջ եւ այդ կոմիտէն գլխաւորեց 1970-էն 1972:
Ան 1966-ին ստիպուած էր լուծել այլ հարց մը` 1966-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին ժամանակ, ուր կը մրցէին Արժանթին եւ Անգլիա:
Բրիտանացի ոստիկանները ստիպուեցան դաշտէն դուրս բերել գերմանացի իրաւարար Ռուտոլֆ Քրայթլայնը: Քրայթլայն Արժանթինի խմբապետ Անթոնիօ Ռաթինը վտարեց դաշտէն, սակայն վերջինս ո՛չ գերմաներէն կը հասկնար, ո՛չ անգլերէն, մինչ կը պոռար իրաւարարին վրայ սպաներէնով… Քրայթլայն սպաներէն չէր հասկնար, այդ պատճառով ալ մրցումը քանի մը վայրկեան ընդհատուեցաւ, մինչեւ որ թարգմանիչ մը եկաւ եւ բացատրեց եղածը:
Այս արկածէն ետք, Քրայթլայն եւ Ասթոն յարմար տեսան, որ 1970-էն սկսեալ որդեգրուի դեղին եւ կարմիր քարտերու «լեզուն», որ թարգմանութեան չեր կարօտիր:
Քենեթ Ասթոն մահացաւ հոկտեմբեր 2001-ին` 86 տարեկան հասակին, մինչեւ կեանքին վերջը մնալով ֆութպոլի երկրպագու: Քրայթլայն 2012-ին մահացաւ 92 տարեկան հասակին:
«Խաղը պէտք է ըլլայ երկու գործողութիւններէ բաղկացած թատրոն մը, ուր բեմին վրայ 22 դերասաններ կան: Իրաւարարը` իբրեւ բեմադրիչ: Թատրոնը չունի խօսք կամ բեմագրութիւն, եւ ոչ մէկը գիտէ ինչպէս կ՛աւարտի, բայց բոլորին համար պէտք է հաճելի եւ հետաքրքրական ըլլայ», ըսած է Ասթոն: