Ռաշինի (Լեհաստան) մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, 55 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն Ժորա Գրիգորեան երկամարտին ձեռք ձգած է 233 քկ արդիւնք (103 քկ արաշէ եւ 130 քկ էփոլէ-ժըթէ)` գրաւելով առաջին դիրքը եւ դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:
61 քկ կշիռի մրցումներուն Ռաֆիկ Մինասեան դարձաւ փոխախոյեան, երկամարտին ձեռք ձգելով 264 քկ` 1 քկ կշիռով ետ մնալով ախոյեան դարձած մոլտովացի Իոն Պատանեւէն: