Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա. Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ

October 26, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթավերջին «տաք» մրցումներ տեղի կ՛ունենան Եւրոպայի կարեւորագոյն 5 լիկաներու մրցումներուն:

Սպանիոյ մէջ, «Քլասիքօ» մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր ժամը 22:00-ին, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ:

Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ Պարսելոնայի մրցանիշին հաւասարիլ եւ մնալ անյաղթ «Լա լիկա»-ի 43 յաջորդական մրցումներու, մինչ Պարսելոնա շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի իր գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի հետ:

Դաշտին վրայ անուանի մարզիկներու մրցակցութեան չափ կարեւոր է մարզիչներու մրցակցութիւնը, ուր իտալացի մասնագէտ Քարլօ Անչելոթթի անցեալ շաբաթ իր 200-րդ մրցումը ունեցաւ Ռէալ Մատրիտի հետ:

Անգլիոյ մէջ, վաղը Լոնտոնի Արսենալ ակումբը, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը:

Իր վերջին այցելութեան, անցեալ փետրուարին, Արսենալ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Լիվըրփուլին, որ 2022-էն ի վեր չէր պարտուած Լիվըրփուլէն:

Երկու խումբերն ալ բացականեր ունին: Արսենալէն պիտի բացակային Քալաֆիորի Օտըկաարտ, Թիրնի եւ Թոմիյասու, որոնք վիրաւոր են, իսկ կեդրոնի յետսապահ Սալիպա պիտի բացակայի վերջին մրցումին կարմիր քարտ ստանալուն պատճառով:

Լիվըրփուլէն կը բացակային բերդապահ Ալիսոն, Ֆետերիքօ Քիեզա, ինչպէս նաեւ Հարվի Էլիոթ, որոնք վիրաւոր են:

Այս մրցումի արդիւնքէն կրնայ օգտուիլ Մանչեսթըր Սիթի, որ համեմատաբար դիւրին մրցում մը պիտի կատարէ հիւրընկալելով Սաութհեմփթընը (19-րդ):

Ֆրանսայի մէջ, Մարսէյ, որ վերջին տարիներուն բաղդատմամբ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ, պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Մարսէյի (3-րդ) եւ Փարիզի (առաջին) մրցումին արդիւնքն ալ կրնայ օգնել Մոնաքոյին, որ իր կարգին այդքան ալ դիւրին մրցակից մը չունի Նիսի մէջ: Նիս 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց իր դաշտին վրայ որեւէ մրցում չէ պարտուած:

Իտալիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ նախավերջին դիրքը գրաւող Լեչէն: Նափոլի առիթ ունի աւելի հեռանալու Ինթերէն (2-րդ) եւ Եուվենթուսէն (3-րդ), որոնք Ինթերի Սան Սիրոյի դաշտին վրայ պիտի մրցին իրար դէմ, վաղը ժամը 19:00-ին:

 

 

Նախորդը

Եղիշէ Մելիքեանի Խօսքերը…

Յաջորդը

Այսօր Վրաստանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.