Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա Իր Առաջին Յաղթանակը Տարաւ. Քըրի` Վիրաւորուած

October 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ յետ երկարաձգման կրցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը, երբ 118-114 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին:

Թայրիս Մեքսի 45 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, որուն աստղերը` Ժոել Էմպիիտ եւ Փոլ Ճորճ վիրաւոր են ու տակաւին հեռու կը մնան դաշտերէն:

Մեքսի այս եղանակի երրորդ մարզիկն էր, որ 40 կէտի սահմանը կը կտրէր` յաջորդելով Լուքա Տոնչիչի (40 կէտ) եւ Նիքոլա Եոքիչի (41 կէտ):

Ինտիանայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Փէյսըրզ պէտք ունեցաւ Թայրիս Հելիպըրթընի 3 կէտնոց կողովին, որուն շնորհիւ Ինտիանա արդիւնքը հաւասարեցուց 105-105-ի, ստիպելով երկարաձգման: Թայրիս Մեքսի 10 կէտ նշանակեց երկարաձգման ընթացքին (Ֆիլատելֆիոյ 13 կէտերուն մեծամասնութիւնը):

Ինտիանա բաւական յաջող եղանակէ մը ետք լաւ ձեւով չսկսաւ այս տարեշրջանը եւ պէտք ունի աւելի լաւ պաշտպանելու ու ռիպաունտ հաւաքելու:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը 112-104 արդիւնքով` իր Քալիֆորնիոյ «Չէյս Սենթըր» մարզադաշտին մէջ:

Ուորիըրզի աստղ Սթեֆ Քըրրի 4-րդ մասի կէսերուն չկրցաւ շարունակել մրցումը` ձախ ոտքի սուր ցաւեր ունենալուն պատճառով: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ նոյնիսկ առանց Քուայ Լենըրտի կրցաւ յաղթել, ուր երկու մարզիկներ տապըլ տապըլ իրագործեցին: Ճէյմս Հարտըն 23 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ խրուաթ սենթըր Իվիցա Զուպաց 23 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Նորմըն Փաուըլ (20 կէտ) եւ Տերեք Ճոնզ (18 կէտ) Քլիփըրզէն այլ աստղեր եղան:

Կոլտըն Սթէյթի ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը Էնտրու Ուիկինզն էր, որ 29 կէտ նշանակեց: Քեւըն Լունի 10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սթեֆ Քըրրի 4-3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 18 կէտ նշանակելով:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 128-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլանթա Հոքսի վրայ: Ասիկա Օքլահոմայի 3-րդ յաջորդական յաղթանակն էր, մինչ Աթլանթայի առաջին պարտութիւնը: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի, մինչ Թրէյ Եանկ 24 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Աթլանթայի:

Ստորեւ երէկուան արդիւնքները.

Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս 115-102
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Աթլանթա Հոքս 128-124
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-112
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ  125-103
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 114-118

 

 

Նախորդը

Թեն Հակ Պաշտօնանկ Եղաւ

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Սայնց Շահեցաւ Մեքսիքայի Կրան Փրին Նորիս Կը Մօտենայ Վերշթափընի

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.