Երէկ վերջ գտաւ Վիեննայի (Աւստրիա) թենիսի տղոց մրցաշարքը, որուն աւարտականին 22 տարեկան Ճեք Տրէյփըր (թիւ 18) 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 24 հայազգի Կարէն Խաչանովը:
Խաչանով կիսաւարտականին դուրս ձգած էր թիւ 10 թենիսմեն Ալեքս Տը Մինաուրը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Տը Մինաուր այս մրցաշարքին թիւ 2 դասուած էր:
Տըրէյփըր կիսաւարտականին դուրս ձգած էր իտալացի Լորենցօ Միւզեթթին 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցաշարքի թիւ 1 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւ քառորդ աւարտականին դուրս մնացած էր Միւզեթթիէն պարտուելէ ետք: