Նորիչ Սիթի իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, թէ Արսենալի նախկին միջնապահ Ճեք Ուիլշիր նշանակուած է խումբի մարզիչ:
Ուիլշիր ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտելէ անմիջապէս ետք սկսած է մարզչական աշխատանքի` ստանձնելով Արսենալի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) խումբը: Իր առաջին տարեշրջանին, Ուիլշիր կրցած է խումբը հասցնել երիտասարդներու 2022-2023 տարեշրջանի բաժակի աւարտականին:
«Ուրախ եմ միանալու Նորիչ Սիթիին: Ասիկա հիանալի կարելիութիւն է շատ տպաւորիչ ակումբին հետ, եւ իտէալ ժամանակ է, որպէսզի կարենամ շարունակել իմ մարզչական ասպարէզի առաջին խումբիս հետ», ըսաւ Ուիլշիր:
Նորիչ 2024-2025 տարեշրջանին Անգլիոյ ախոյեանութեան առաջին դասակարգին («Փրեմիեր լիկ»-էն աւելի վար) մէջ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ` 11 մրցումներէ ետք ձեռք ձգելով 17 կէտ:
Ուիլշիր (32 տարեկան) 2008-էն 2018 մաս կը կազմէր Արսենալին, ապա միացած էր Ուեսթ Համին եւ 2021-ին` Պորնմաութին, 2022-ին ան 14 մրցում կատարեց դանիական Աարհիւս խումբին հետ: