Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի մարզչական ասպարէզ սկսաւ:
Նախկին պաշտպանը միացած է Իտալիոյ երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ազգային խումբին: Ան պիտի ըլլայ գլխաւոր մարզիչ Պեռնարտօ Քորատիի օգնականը:
«Լէոնարտօ տուն եկաւ: Ան տարբեր դերով եկաւ, բայց նոյն ոգեւորութեամբ եւ ազգային խումբի մարզաշապիկին հանդէպ սիրով, ինչպէս միշտ: Համոզուած եմ, որ Լէոն կրնայ մեծապէս աճիլ եւ կարեւոր ներդրում ունենալ Իտալիոյ ֆետերասիոնի մարզչական գործին մէջ», ըսաւ Իտալիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրաւինա:
Նշենք, որ Պոնուչի ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտեց այս ամրան` իր վերջին 8 մրցումները կատարելով Ֆեներպահչէի հետ (Թուրքիա):
Ան սկսած է Պարիի հետ 2009-ին, ապա յաջորդ եղանակին միացած Եուվենթուսին` մնալով մինչեւ 2017: Տարի մը անցընելէ ետք Ա. Սէ. Միլանի հետ, ան վերադարձաւ Եուվէ 2018-ին եւ մնաց մինչեւ 2023: Ապա միացաւ Ունիոն Պերլինին` Գերմանիա, կատարելով 7 մրցում, եւ ինչպէս նշեցինք, Թուրքիա կատարեց վերջին մրցումները:
Իտալիոյ ազգային խումբին հետ ան կատարած է 121 մրցում` նշանակելով 8 կոլ, 2010-էն 2023-ի միջեւ: