Երէկ, Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) մրցումներուն պատահած է դէպք մը, երբ 125 քկ կշիռի զտումի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիովա Գէորգեան կը մրցէր թուրք Հաքան Պույուքչինկիլի դէմ:
Լիովա 1-0 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ թուրք մրցակիցը երկու ձեռքով հրեց հայ ըմբիշին, որ անմիջապէս ապտակեց իր մրցակիցը… Հարցը մեծցաւ, եւ ըմբիշները ծեծուըռտուքի մէջ մտան մինչեւ մարզիչներու միջամտութիւնը, որմէ ետք երկու ըմբիշներն ալ պարտուած հռչակուեցան:


