Երէկ Մանչեսթըր Եունայթըտ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչ Էրիք Թեն Հակը:
54 տարեկան Թեն Հակ 2022-ի ամրան միացած էր Եունայթըտին, բայց սպասուած արդիւնքը չէր տուած: Աւելի՛ն, խումբին մէջ մեծ թիւով մարզիկներ տեղափոխած էր իր օրերուն, եւ «ակումբի տղաք» սեպուած տղաք ալ «ղրկուած էին»:
Եունայթըտ 650 միլիոն եւրօ ծախսած է ձեռք ձգելու «լաւ մարզիկներ»` ըստ Թեն Հակի… մեծ մասամբ Այաքսի նախկին մարզիկներ, որոնք յաջող տարեշրջաններ ունեցած էին Թեն Հակի օրերուն Նետերլանտներու մէջ:
Թեն Հակին ժամանակաւորապէս պիտի փոխարինէ այլ նետերլանտցի մարզիչ մը` Ռուտ Վան Նիսթելրոյ, որ Թեն Հակի օգնականն էր: