Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ շարունակուեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու (մինչեւ 23 տարեկան) ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Խնձրցեան կրցաւ հասնիլ քառորդ աւարտական` դուրս ձգելով ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներ:
Արդարեւ, 57 քկ կշիռի ազատ ոճի մրցումներուն, Մանուէլ Խնձրցեան 12-2 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակը մը արձանագրեց Վասիֆ Պաղիրովի դէմ, ապա 11-8 արդիւնքով դուրս ձգեց թուրք Մոհամետ Քարավուշը: