Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարզիչի Ա., Բ. եւ ՓՐՕ արտօնագիր ստանալու դասընթացքներուն մասնակցելու համար կարելի է դիմումներ ներկայացնել:
Բ. կարգի արտօնագիրի դասընթացքներուն համար մասնակցող մը պէտք է վճարէ 200 հազար դրամ, իսկ Ա. կարգի արտօնագիրի համար` 400 հազար դրամ:
Իսկ ՓՐՕ կարգի արտօնագիր ձեռք ձգել ուզողները այդ դասընթացքներուն հետեւելու համար պէտք է վճարեն 2,5 միլիոն դրամ: