
Հոլանտական Վիյք աան Զիի ճատրակի միջազգային փառատօնին շրջագիծին մէջ, երէկ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ա. մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային խումբի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ երկու հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք կրած էր պատութիւն մը, իր կատարած 4-րդ մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վոյթասզեքի հետ:
Արոնեան, որ այժմ 1,5 կէտով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, 2 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Վասիլի Իվանչուքէն:
Ինչ կը վերաբերի Բ. մրցաշարքին, Սամուէլ Սեւեան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` պարտութեան մատնելով Փոթքինը: Սեւեան, որ ապահոված է 1,5 կէտ, կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: