Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, այսօր` հինգշաբթի, 15 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ պիտի սկսին մարզիչներու պատրաստութեան յատուկ դասընթացքներ (Ա. կարգի):
Այդ դասընթացքները պիտի տեւեն մինչեւ 25 յունուար, ամէն օր, ժամը 15:00-էն 22:00:
Անոնց պիտի հսկէ իրանցի միջազգային փորձառու մասնագէտ Մաժիտ Նասրի: