Ռուսական Sportbox.ru կայքը իր ընթերցողներուն ուղղած է հարցում մը, որպէսզի պարզուի, թէ կոլի ո՞ր փոխանցումը Ռուսիոյ «փրեմիեր լիկ»-ի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան լաւագոյնն է:
Յաղթական ճանչցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Եուրա Մովսիսեանի կրունկով կատարած փոխանցումը` Քուինսի Փրոմեսին, երբ անոնց կազմը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մոլտովայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (14-րդ հանգրուան):
Ի նպաստ Մովսիսեանի քուէարկած է հարցումին պատասխանածներուն 30,38 առ հարիւրը (3919 անձ):